By Asbarez | Friday, 27 February 2015
ԵՐԵՒԱՆ.– <<Եուրոտեսիլ-2015>> երգի միջազգային մրցումին Հայաստան պիտի ներկայանայ <> խումբով, որուն 6 անդամներէն չորրորդը ճափոնահայ երգչուհի Ստեֆանի Թօփալեանն է. ան կը ներկայացնէ Ասիա աշխարհամասը:
Ստեֆանի Թօփալեան երգչուհի է, երգահան եւ դերասանուհի, ան այժմ կը բնակի Թոքիօ: Երգչուհին իրաւագիտութեան ճիւղի շրջանաւարտ է: Ունենալով բնատուր արուեստի տաղանդ՝ ան կը զգայ, որ երգն է այն երազանքը, որուն բովով պիտի ընթանայ իր կեանքը։
Այս մասին յայտնած են Հայաստանի պատկերասփիւռի Առաջին ալիքի հասարակութեան հետ կապի բաժինէն։
Նախապէս արդէն ընկերութիւնը յայտնած էր, որ <> խումբը պիտի համախմբէ 1915ին աշխարհի 5 աշխարհամասերուն մէջ (Եւրոպա, Ասիա, Ամերիկա, Ափրիկէ, Աւստրալիա) սփռուած հայ ժողովուրդի նոր սերունդին ներկայացուցիչները: Խումբին մէջ կան ծագումով հայ 6 արուեստագէտներ՝ իրենց 6 ճակատագիրներով, բայց 1 պատմութեամբ:
Խումբի առաջին մասնակիցը ֆրանսահայ երգիչ Եսայի Ալթունեանն է, որ կը ներկայացնէ Եւրոպա աշխարհամասը, երկրորդ մասնակիցը ամերիկահայ երգչուհի Թամար Կապրելեանն է, երրորդը՝ Վահէ Թիլբեանը Ափրիկէ աշխարհամասէն:
Ներկայացուելիք երգին վերնագիրն է <> (<<Մի՛ ժխտեր>>): <> խումբի հինգերորդ մասնակիցին անունը պիտի յստականայ 3 Մարտին։ Ան պիտի ներկայացնէ Աւստրալիա աշխարհամասը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ