Գիւմրիի մարդասպանին հարցով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան 50 աշխատակից պիտի պատժուի

By Asbarez | Friday, 27 February 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ.– Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան շուրջ 50 աշխատակիցներ, որոնց կարգին Զապայքալիէի շրջանէն, պատասխանատուութեան պիտի ենթարկուին՝ Գիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի սպանութեան մէջ մեղադրուող Վալերի Փերմեակովին բանակ զօրակոչման իմաստով ունեցած մասնակցութեան համար։ Այդ մասին ըսած է 29րդ համազօրային բանակի բարոյահոգեբանական ապահովութեան բաժինի պետ Տմիթրի Քիսելէովը, կը գրէ chita.ru-ն:

Ան նշած է, որ այդ հարցով տակաւին պաշտօնական հրաման կամ որոշում չկայ, սակայն հաստատած է, որ այդ անձերը իրենց պատիժը պիտի կրեն, նաեւ՝ քրէական:

 


comments

Advertisement