By Asbarez | Tuesday, 03 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ - <<Նիուզ>> հարցազրոյց մը կատարած է Հայաստանի մօտ Իսրայէլի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Շմուէլ Մէյրոմի հետ: Անկէ հատուածը մը ներկայացնենք ստորեւ.
<<ՆԻՈՒԶ>> - Այս տարուան Ապրիլ 24ին կը ծրագրուի կազմակերպել Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած ձեռնարկներ: Իսրայէլի պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի՞ ձեռնարկներուն, թէ ոչ:
ՄԷՅՐՈՄ - Այս տարի Իսրայէլի անկախութեան նուիրուած ձեռնարկները կը սկսին Ապրիլ 22ին եւ պիտի շարունակուին ամբողջ յաջորդ օրուան ընթացքին: Ապրիլ 24ը Ուրբաթ է, իսկ Ուրբաթ երեկոյեան հրեաներուն մօտ կը սկսի Շաբաթը: Այդ պատճառով, Իսրայէլի պաշտօնական դէմքերուն համար դիւրին պիտի չըլլայ մասնակցիլ այդ օրը ծրագրուած ձեռնարկներուն:
Մեր կարծիքով, Ապրիլ 24ը խնդրայարոյց օր է պաշտօնական այցելութիւններու համար: Կը յուսամ, որ Իսրայէլի պաշտօնական պատուիրակութիւնը այս տարուան ընթացքին կ՛այցելէ Երեւան:
<<ՆԻՈՒԶ>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Ապրիլ 24ը յայտարարած է Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի օր: Վերջին շրջանին, Թուրքիա եւ Իսրայէլ սուր յայտարարութիւններ հնչեցուցին իրարու հասցէին: Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչները հրաւիրուա՞ծ են այդ ձեռնարկներուն՝ հաշուի առնելով կողմերու սուր ելոյթները:
ՄԷՅՐՈՄ - Իսրայէլի պաշտօնական ներկայացուցիչը Ապրիլ 24ին պիտի չմեկնի Թուրքիա, ոչ միայն վերոնշեալ պատճառներով, այլ նաեւ այն պատճառով, որ նման հրաւէր չէ ստացած:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ