Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը՝ նռան հիւթով յարձակումի թիրախ

By Asbarez | Tuesday, 03 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - <<Արմէնփրէս>> կը հաղորդէ, որ Փարիզի Տեքարթի անուան իրաւագիտական համալսարանին մէջ ցուցարար մը իւրայատուկ ոճով իր բողոքը յայտնած է Ֆրանսայի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Հաքքը Աքիլի դէմ՝ անոր ելոյթին ընթացքին դէպի ամպիոն վազելով եւ Հայաստանի խորհրդանիշը համարուող նռան հիւթ թափելով անոր վրայ:

Աքիլ անմիջապէս յայտարարած է, որ հայերը նմանօրինակ յարձակումներ անցեալին եւս կատարած են:

Ոստիկանութիւնը ցուցարարը ձերբակալելով հեռացուցած է սրահէն։

Աւելի ուշ, ֆրանսահայ լրագրող Ժան Էքեան հաղորդեց, թէ արարքին պատասխանատուութիւնը ստանձնած է ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութիւնը՝ շեշտելով, թէ արարքին նպատակն էր դատապարտել Հայկական Ցեղասպանութիւնը ուրանալու Անգարայի իշխանութեանց կեցուածքը ու եզրափակելով. «Չկայ խաղաղութիւն առանց արդարութեան»։


 


comments