«Պատմութեան մէջ արմատացած Քրիստոնեայ-Իսլամ գործակալութեան անհրաժեշտ է նոր արեւելում եւ ուժականութիւն տալ». Արամ Ա.

By Asbarez | Wednesday, 04 March 2015

 

 

Երեքշաբթի, 3 Մարտի առաւօտուն, Արամ Ա. կաթողիկոս պաշտօնական բացումը կատարելով Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ տեղի ունեցող Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան Իսլամական մշակոյթի եւ յարաբերութեանց բաժանմունքին միացեալ ծրագրումով տեղի ունեցող համագումարին, շեշտեց քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը ամրապնդելու ու գործակցութեան նոր ուժականութիւն տալու հրամայականը:


Յիշեալ համագումարին ընդհանուր բնաբանն է <<Քրիստոնեայ-իսլամ գործակցութիւն՝ ի խնդիր Միջին Արեւելքէն ներս արդար խաղաղութեան հաստատման>>: Վեհափառը որպէս ուղեգիծ համագումարին կատարելիք քննարկումներուն, ընդհանուր գիծերով վերլուծումը կատարեց սոյն բնաբանին՝ լուսարձակի տակ առնելով հետեւեալ կէտերը.

1. Քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը, որպէս միաստուածեան կրօններ նո՛յն արմատները ունին: Բնական է, անոնք աստուածաբանական հարցերու նկատմամբ տարբեր մօտեցումներ ունին, սակայն նաեւ ունին հասարակաց բարոյական արժէքներ, որոնք պէտք է մղեն յիշեալ կրօնները խաղաղ գոյակցութեան ու համատեղ գործակցութեան՝ ներկայ ընկերութեան առնչուած բազմաթիւ տագնապներու ու մտահոգութիւններու գծով:

2. Պատմութեան ընթացքին իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը գոյակցած են հակառակ այն իրողութեան, որ երբեմն այդ գոյակցութիւնը առաւելաբար քաղաքական պատճառներով, դարձած է դիւրաբեկ: Անհրաժեշտ է քրիստոնեայ-իսլամ գոյակցութիւնը գործակցութեամբ թարգմանել՝ յատկապէս տագնապներով լեցուն ներկայ աշխարհին մէջ ու մասնաւորաբար Միջին Արեւելքէն ներս: Ծայրայեղութիւնն ու բռնութիւնը երկու կրօններու ուսուցումներուն ու բարոյական արժէքներուն դէմ է: Ահաւասիկ սերտ գործակցութեան հասարակաց դաշտ մը:

3. Համագումարի բնաբանին մէջ յիշուած է <<արդար խաղաղութիւն>>: Արդարեւ, խաղաղութիւնը կարելի չէ անջատել արդարութենէն, անոնք սերտօրէն շաղախուած են: Հոն, ուր արդարութիւն չկայ, նաեւ բացակայ է խաղաղութիւնը: Մարդկային կեանքը ղեկավարող այս երկու արժէքները Աստուծոյ պարգեւներն են՝ տրուած մարդուն: Հետեւաբար, անոնց բռնաբարումը մեղք մըն է Աստուծոյ դէմ:

4. Միջին Արեւելքի պատմութիւնը մեծ իրագործումներու կողքին նաեւ լեցուն եղած է պատերազմներով ու տագնապներով: Պատմութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ընկերութեան կեանքը տագնապներով է լեցուած, երբ արդարութիւնը բացակայ է եղած: Այսօր հպանցիկ ակնարկ մը մեր շրջապատին՝ յստակօրէն կը պարզէ արդարութեան բացակայութիւնը: Արդարեւ, անարդարութիւնը տակաւին կը շարունակուի պաղեստինցի ժողովուրդին դէմ, որովհետեւ անոնք իրաւունք ունին անկախ ու ինքնիշխան պետութեան. անարդարութիւնը կը շարունակուի հայ ժողովուրդին դէմ երբ ներկայ Թուրքիան տակաւին կը մերժէ ճանչնալ իր նախահայրերուն կողմէ 1915ին հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած Ցեղասպանութիւնը: Տակաւին կարելի է շարքը երկարել անարդար կացութիւններու կամ մօտեցումներու>>:

Ապա, կաթողիկոսը որպէս եզրակացութիւն՝ ըսաւ. <<Իսլամութիւնն ու քրիստոնէութիւնը չեն կրնար լուռ մնալ անարդարութեան նկատմամբ: Անհրաժեշտ է, որ անոնք աւելի ամրապնդեն իրենց գործակցութիւնը>>:

Վեհափառի բացման խօսքէն ետք խօսք առաւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ներկայացուցիչը՝ դոկտ. Ապուզար Իպրահիմին: Երկու օրերու վրայ տարածուած համագումարին կը մասնակցին շուրջ 25 հոգիներ՝ Իրանի պետութիւնը, Իրանի հայ համայնքը՝ երեք առաջնորդ սրբազաններու գլխաւորութեամբ եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող:

 

 


comments

Advertisement