By Asbarez | Wednesday, 04 March 2015
ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Պոլսոյ դատարանը 10 հազար լիրա (4 հազար տոլար) տուգանքի վճիռ արձակեց Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի դէմ, հայ-թրքական հաշտութեան նուիրուած արձանը վարկաբեկելուն համար։
Էրտողան «հրէշաւոր» անուանած էր արձանը, որ քանդակուած էր Մեհմետ Աքսոյի կողմէ եւ նուիրուած հայ-թրքական յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու նպատակին։ Էրտողան իր ժխտական դիրքորոշումը արտայայտած էր 2011ին, երբ արձանը կը կանգնէր Կարսի մէջ։ Նախագահը, որ այդ տարիներուն վարչապետ էր տակաւին, դրդած էր, որ տեղական իշխանութիւնները կազմաքանդեն յուշարձանը։
Այդ զարգացումներէն ետք, քանդակագործ Աքսոյ դատ բացած էր Էրտողանի դէմ՝ այս վիրաւորանքին համար։ Դատարանը պահանջեց, որ Էրտողան դրամական փոխհատուցում կատարէ Աքսոյին՝ անոր կրնած բարոյահոգեբանական վնասներուն փոխարէն։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ