By Asbarez | Friday, 21 October 2011
ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Վաթան» թերթը Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 21ին կը հաղորդէ, որ Պոտրումի մէջ թուրքեր ամերիկացի զինուորներու վրայ յարձակած են, երբ անոնց քաղաքին նաւահանգիստը ժամանած են։ Թուրքերուն եւ զինուորներուն միջեւ տեղի ունեցած է քաշքշուք, որուն ընթացքին թուրքերէն մէկը ամերիկացիներէն մէկուն գլուխին պարկ մը անցուցած է։ Դէպքի վայր հասած ոստիկանները ցրուած են ցուցարարները։
Նշենք, որ քանի մը տարի առաջ ամերիկեան ուժերը ձերբակալած էին Իրաք թափանցած թրքական մասնայատուկ ուժերու անդամներ ու անոնց գլուխներուն պարկ անցուցած էին, ինչ որ Թուրքիոյ մէջ զայրոյթ յառաջացուցած էր:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ