Տաւութօղլու Ամերիկայի Թուրքերուն հմախմբուելու կոչ ըրած է՝ Ցեղասպանութիւնը ուրանալու համար

By Asbarez | Thursday, 05 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>>.- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու Նիւ Եորքի մէջ հանդիպած է Միացեալ Նահանգներու մէջ գործող թրքական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն, ու շարք մը այլ հարցերու կողքին քննած է նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան եւ անոր հարիւրամեակի հարցը:
Ըստ <<Հապերլեր>> լրատուական գործակալութեան՝ Տաւութօղլու կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն կոչ ըրած է մէկ կողմ ձգել ազգային հարցերու վերաբերեալ տարակարծութիւնները եւ համատեղ աշխատիլ՝ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, անոր ճանաչման դէմ պայքարը աւելի ազդու դարձնելու նպատակով։

 


comments

Advertisement