By Asbarez | Friday, 06 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.– Բրիտանացի նշանաւոր լրագրող Ռապըրթ Ֆիսք քննադատած է Թուրքիոյ եւ արեւմտեան որոշ կառավարութիւններու կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը: Ելոյթ ունենալով Մարդու իրաւունքներու հարցերուն նուիրուած Ժընեւի միջազգային ժողովին եւ շարժապատկերի փառատօնին ընթացքին՝ բրիտանացի լրագրողը անդրադարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին։
Ըստ զուիցերական <> պարբերականին՝ ան յիշած է, թէ ինչպէս Թուրքիոյ մէջ պտըտած է Հայոց Ցեղասպանութենէն վերապրածի մը հետ, որ գտած է իր պապենական տունը: Իսկ տան դռները ընդմիշտ փակուած են: <<Լեհաստանի մէջ հրեան, զոր Ողջակիզումի ատեն թալանած են, կրնայ իր տունը վերստին ստանալ: Իսկ Թուրքիոյ մէջ նման պարագաներու հայը ոչ մէկ իրաւունք ունի: Ինչո՞ւ>>, հարց տուած է ան։
Ռապըրթ Ֆիսք ըսած է. <<Հայերու կոտորածը 20րդ դարու առաջին ցեղասպանութիւնն էր: Անիկա նաեւ կապուած է երկրորդ՝ հրեաներու ողջակիզումին հետ, քանի որ գերմանացի որոշ մասնագէտներ թրքական բանակին մէջ ականատես եղած են այդ իրադարձութիւններուն, իսկ յետոյ անոնք փոխանցուած են գերմանական բանակի շարքերուն, որպէսզի նոյն չարագործութիւնը կատարեն Պելոռուսի եւ Ուքրանիոյ մէջ: Բայց այդ ցեղասպանութիւնը ոչ միայն կը հերքուի թրքական իշխանութիւններուն, այլ նաեւ կ՛անտեսուի արեւմտեան կառավարութիւններուն կողմէ։
Ուինսթըն Չըրչըլ առանց տատամսելու այդ ողբերգութիւնը ցեղասպանութիւն կը կոչէր: Սակայն տասնամեակներ ետք Մեծն Բրիտանիոյ այլ վարչապետ մը՝ Թոնի Պլեր, հրաժարեցաւ այդ մէկը ընելէ: Ես կ՛ապրիմ Պէյրութ, քաղաք մը, որ 350 հազար հայերու տունն է: Ես այս գաղութին մէջ ունիմ բազմաթիւ ընկերներ, որոնց մեծ հայրերն ու մայրերը Ցեղասպանութեան զոհ դարձած են: Իսկ իմ երկիրս չի համարձակիր այդ ողբերգութիւնը իր անունով կոչել>>, ըսած է Ֆիսք։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ