Ապրիլ 24ին արքայազուններ Չարլզ եւ Հերի պիտի գտնուին Թուրքիա, իսկ պետութեան ներկայացուցիչը՝ Երեւան

By Asbarez | Monday, 09 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Երկիր>> - Բրիտանիոյ արքայազուններ Չարլզ եւ Հերի Ապրիլ 24ին պիտի մասնակցին Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառման. այս մասին կը տեղեկացնէ թրքական «Թաքվիմ»ը: Անոնք Ապրիլ 24-25ին Թուրքիա պիտի գտնուին, իսկ Էլիզապէթ Բ. թագուհին պիտի մասնակցի Անգլիոյ մէջ կայանալիք՝ Կալիփոլիի ճակատամարտին նուիրուած միջոցառումներուն:

Կայքը կը տեղեկացնէ նաեւ, որ նոյն օրերուն, <<հայկական պնդումներու հարիւրամեակին>> մասնակցելու համար, Երեւան պիտի մեկնի Բրիտանիոյ կառավարութեան մէկ ներկայացուցիչը:

 


comments

Advertisement