Գերմանացի պատմաբանները կը հաստատեն ցեղասպանութեան մէջ Գերմանիոյ մեղսակցութիւնը

By Asbarez | Monday, 09 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ակունք>> - Ցեղասպանութեան 100ամեակին, Գերմանիոյ խորհրդարանը կը ծրագրէ քննարկումներ կատարել Հայկական Ցեղասպանութեան հարցով. այս մասին գրած է գերմանական <Deutsche Welle>ը:


Կը քննարկուի այն հարցը, թէ ո՞վ պիտի ներկայացնէ Գերմանիան՝ Երեւանի մէջ Ապրիլ 24ին կայանալիք Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն ժամանակ: Համաձայն գերմանական գործակալութեան՝ կ՛ակնկալուի, որ Գերմանիա այս գծով զսպուածութիւն ցուցաբերէ՝ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բացակայութեամբ: Շատ հաւանական կը նկատուի, որ միայն Գերմանիոյ դեսպանը ներկայ գտնուի միջոցառումներուն, այդ ալ՝ եթէ Ֆրանսա ներկայանայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի մակարդակով:

Յօդուածին հեղինակները քննարկած են նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան իրագործման հարցով Գերմանիոյ մեղքը: Անոնք նշած են, թէ պատմաբաններու կարծիքով՝ հայերու արտաքսման գործընթացին գերմանական կայսրութեան մասնակցութիւնը ապացուցուած փաստ է:

Պատմաբան Քրիսթին Փշիխոլց կասկած չունի, որ գերմանական կառավարութիւնը տեղեակ էր Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերուն նկատմամբ իրականացուող մահուան երթերուն եւ սպանութեանց մասին: Պատմաբանը վստահ է, որ գերմանացի դիւանագէտները տեղեակ էին, թէ ի՛նչ կը կատարուէր Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Փաստ է նաեւ Գերմանիոյ դեսպանին՝ 1915 Յուլիս 7ի հեռագիրը՝ ուղղուած կայսերական Գերմանիոյ վարչապետին. անոր մէջ կը նշուի, որ թրքական կայսրութեան մէջ հայ ցեղի ոչնչացման վերաբերեալ թրքական կառավարութեան որոշում մը գոյութիւն ունի:

 


comments

Advertisement