Թուրքիա կը վերահսկէ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերը

By Asbarez | Monday, 09 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - Ատրպէյճանի բանակին մէջ թուրք հրամանատարներու եւ յատուկ պատրաստուածութենէ անցած զինուորականներու առկայութեան մասին տեղեկութիւնները հետզհետէ աւելի բացայայտ կը դառնան՝ չէզոքացնելով Ատրպէյճանի քարոզչամեքենային այն թէզը, որ իբր թէ հայկական պետութեանց դէմ ռազմական գործողութիւններուն մէջ թուրք զինուորականները որեւէ դերակատարութիւն չունին:

<>ին յայտնի դարձած են նոր տեղեկութիւններ, որոնց համաձայն՝ թրքական բանակէն շուրջ 50 հրամանատարներ՝ զօր. Նեւզատ Թաշտելերի հրամանատարութեամբ, այս օրերուն կը գործեն Ատրպէյճանի մէջ: Անոնցմէ երկուքը Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարի խորհրդականի կարգավիճակ ունին: Մէկը նոյն պաշտօնը ունի նաեւ Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու սպայակոյտին մէջ: Երկուքական թուրք հրամանատարներ կ՛աշխատին Ատրպէյճանի բոլոր զօրատեսակներու հրամանատարական կազմերուն հետ: Հինգ այլ հրամանատարներ կը ծառայեն Ատրպէյճանի յատուկ նշանակութեան զօրքերուն մէջ:
Այս բոլորը ենթադրել կու տան, որ Ատրպէյճանի բանակը ամբողջութեամբ կը գտնուի Թուրքիոյ փաստացի վերահսկողութեան տակ:

 

comments