Կալիփոլիի ձեռնարկը կը շարունակէ տեղի տալ հակազդեցութիւններու

By Asbarez | Tuesday, 10 March 2015

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Կալիփոլիի յաղթանակի հարիւրամեակը այս տարի 24 Ապրիլին հանդիսաւոր կերպով տօնելու ուղղութեամբ Թուրքիոյ կողմէ ընդունուած որոշումը տեղի տուած էր ու տակաւին կու տայ կծու հակազդեցութիւններու։ Վահապ Պիչիճի ստորագրութեամբ բաւական ծանր յօդուածի մէջ կը պնդուի, թէ Կալիփոլիի յաղթանակը ուղղակի 24 Ապրիլին կապելու ձեռնարկը <<խայտառակութիւն մըն է>>։


Պիչիճի կը գրէ. <<Կալիփոլիի պատերազմը սկսած է 19 Փետրուար 1915ին կատարուած ծովային յարձակումով։ Իսկ 24 Ապրիլը, որ նախագահ Էրտողանի կողմէ գիտակցօրէն կատարուած խեղաթիւրումի թուական է, ցամաքային շարժման սկսելուն օրին (25 Ապրիլ) մօտ է։ Իթթիհատականներու այսօրուան ներկայացուցիչները արդէն յայտարարած էին, որ ամբողջ 2015ի ընթացքին, Կալիփոլիի պատերազմի հարիւրամեակի ձեռնարկներ պիտի կազմակերպեն ու այս կերպով <<պատասխան>> մը տուած պիտի ըլլան Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչումներուն։ Հրահանգը, որ տրուած է ուղղակի Էրտողանին կողմէ, պետական դասական հակազդեցութեան օրինակ մըն է՝ ցեղապաշտական-մոլեռանդական նոր հոսանքով մը Ցեղասպանութեան հարցին հետ երես առ երես գալու, իսկ հաշիւ տալու հրամայականին դէմ նոր արգելք յարուցանելու փորձ մըն է, որ նախակրթարանի թուաբանութեան մակարդակ ունի։ Անիկա առաջին անգամ բեմադրուեցաւ, երբ նորակառոյց պալատին մէջ օսմանեան շրջանի զինուորական տարազներով դիմաւորուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը։ Ալիեւ ու Էրտողան իրենց միասնական յայտարարութեամբ հաղորդեցին, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան սկզբնակէտ նկատուած 24 Ապրիլին, Կալիփոլիի մէջ վեհաժողով մը պիտի իրականացնեն, իսկ ապա հաղորդուեցաւ, որ 102 երկիրներու ղեկավարներու հրաւէր ուղարկուած էր։ Մինչդեռ, ինչպէս վերը ըսուեցաւ, Կալիփոլիի տարեդարձը չի համապատասխաներ 24 Ապրիլին>>։

Պիչիճի դիտել կու տայ, որ նմանօրինակ օսմանեան խաղեր ո՛չ միայն չեն կրնար վարագոյր քաշել Հայկական Ցեղասպանութեան գիտական ճշմարտութեան առջեւ, այլ նաեւ պատճառ կը դառնան, որ ժողովուրդները ուշ կամ կանուխ իրենց միտքը ձերբազատեն Կալիփոլիի նման սուտերէ ու դէմ յանդիման գան մերկ ճշմարտութիւններու հետ։ Պիչիճի կը դատապարտէ այս ձեռնարկը՝ դիտել տալով, որ բարոյականութեան հետ բնաւ կապ չունի Կալիփոլիի մէջ իրենց արիւնը թափած տասնեակ հազարաւոր մարդոց արեան վրայ սարքուած այս խաղը։

 


comments

Advertisement