By Asbarez | Tuesday, 10 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ - Կիներու միջազգային օրուան առիթով <<Կրանթ Թորնթոն>>ի հրապարակած հետազօտութեան համաձայն՝ Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 29 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն։
Այս ցուցանիշը աւելի ցած է 2014ին հրապարակուած արդիւնքներէն, երբ Հայաստանի մէջ ղեկավար պաշտօններուն 35 տոկոսը կիները կը զբաղեցնէին։ Բայց եւ այնպէս այս տարուան ցուցանիշը բարձր է վերջին 5 տարուան ընթացքին արձանագրուած միջին արդիւնքէն: Այսպիսով, Հայաստան կը պահէ իր դիրքերը աստիճանաւորման լաւագոյն տասնեակին մէջ՝ գրաւելով 8րդ հորիզոնականը:
Կանանց աշխատանքային կարգավիճակին վերաբերեալ ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը վկայեն, որ Արեւելեան Եւրոպայի երկիրներուն մէջ կիները աշխոյժ դերակատարութիւն ունին ղեկավար պաշտօններուն վրայ: Հարցախոյզին մասնակցած երկիրներու միջազգային վարկանշային աղիւսակին մէջ անոնք կը գրաւեն տասնեակի առաջին 7 հորիզոնականները՝ Ռուսիոյ գլխաւորութեամբ:
<<Այնուամենայնիւ, վերջին տասնամեակին համաշխարհային գործարար ասպարէզին մէջ կիներուն թիւի միայն աննշան աճ արձանագրուած է բարձր ղեկավար օղակներուն մէջ, ինչ որ առիթ կու տայ վերստին անդրադառնալու կիներու ներկայացուցչութեան մասնաբաժինի սահմանման անհրաժեշտութեան>>, նշ-ուած է հետազօտութեան մէջ:
Հետազօտութեան համաձայն՝ բարձրագոյն ցուցանիշը արձանագրուած է Ռուսիոյ մէջ, ուր ղեկավար պաշտօններուն 40 առ հարիւրը կիները կը զբաղեցնեն, թիւ մը, որ գրեթէ կրկնակի կը գերազանցէ համաշխարհային միջին ցուցանիշը (22 տոկոսը): Տարածաշրջանի բարձր ցուցանիշ ունեցող յաջորդ հինգ երկիրներն են Վրաստանը (38 առ հարիւր), Լեհաստանը (37 առ հարիւր), Լաթվիան (36 առ հարիւր), Էսթոնիան (35 առ հարիւր) եւ Լիթվանիան (33 առ հարիւր):
Համաշխարհային մակարդակի վրայ ղեկավար պաշտօններուն 22 տոկոսը կիները կը զբաղեցնեն, ինչ որ քիչ մը աւելի բարձր է համեմատելով 2004ին (19 առ հարիւր), սակայն աւելի ցած է նախորդ տարի արձանագրուած 24 տոկոս արդիւնքէն: Աղիւսակի վերջին հորիզոնականին վրայ է Ճափոնը, ուր կիները կը զբաղեցնեն ղեկավար պաշտօններուն 8 առ հարիւրը միայն։ Ճափոնին կը յաջորդեն Գերմանիան (14 առ հարիւր) եւ Հնդկաստանը (15 առ հարիւր)։
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ