Ճորճ Քլունին եւ Ռուբէն Վարդանեանը կ՛ազդարարեն նոր մարդասիրական մրցանակի հիմնումը

By Asbarez | Tuesday, 10 March 2015

 

Նորաստեղծ <<Աւրորա>> մրցանակը պիտի տրուի յանուն ուրիշներու փրկութեան իրենց կեանքը վտանգած մարդոց:


24 Ապրիլ 2016ին Հոլիվուտի ամէնէն նշանաւոր աստղերէն մէկը՝ Ճորճ Քլունին, Երեւանի մէջ պիտի մասնակցի նորաստեղծ <<Աւրորա>> տարեկան մրցանակաբաշխութեան։ Այս մասին գրած է <<Նիւ Եորք Թայմզ>>ը՝ աւելցնելով, որ այս մրցանակը հիմնադրուած է մոսկուաբնակ յայտնի գործարար Ռուբէն Վարդանեանի ջանքերով:

<<Հայկական Սփիւռքի առաջնորդները՝ պատրաստուելով Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին, համագործակցած են հոլիվուտեան աստղերու եւ իրաւապաշտպաններու հետ՝ հիմնադրելով մրցանակ մը, որ պիտի տրուի յանուն ուրիշներու փրկութեան իրենց կեանքը վտանգած մարդոց>>, գրած է ամերիկեան ամէնէն հեղինակաւոր թերթերէն մէկը:

<<Մարդասիրական այս մրցանակի հիմնումը պաշտօնապէս կ՛ազդարարուի 10 Մարտին Նիւ Եորքի մէջ: Այս քայլը նշանաւոր հայերու կողմէ ձեռնարկուող ծաւալուն ջանքերուն մէկ մասն է: Անոր նպատակը Օսմանեան Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած եւ մինչեւ օրս Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ ժխտուող Հայոց Ցեղասպանութեան փաստագրումն ու արխիւացումն է՝ 1915 թուականի իրադարձութիւնները վերապրած մարդոց եւ անոնց փրկիչներու պատմութիւններուն միջոցով. այնպէս, ինչպէս կատարուած է Ողջակիզումի պարագային>>, կը գրէ <<Նիւ Եորք Թայմզ>>։

Օրաթերթը կը մէջբերէ նաեւ Ռուբէն Վարդանեանի խօսքը. <<Բազմաթիւ հայերի կեանքը փրկած մարդկանց կողմից ցուցաբերած որակները՝ մարդկայնութիւնը, մեծահոգութիւնը, ուժն ու զոհողութիւնների գնալու պատրաստակամութիւնը պարտաւորեցնում են մեզ աշխարհին ներկայացնել այս բոլոր պատմութիւնները>>:
<<Իմ պապին եւս միսիոներներն են փրկել>>, ամերիկեան թերթին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է հայ գործարարը։

Ամերիկեան օրաթերթին համաձայն՝ մրցանակի ֆինանսական կողմը եւս բաւական պատկառելի է, անիկա պիտի կազմէ տարեկան մէկ միլիոն տոլար: Բայց այդ գումարին յաղթողները ինքնուրոյնաբար չեն տնօրիներ: <<Որպէս մրցանակ ստացած գումարը յաղթողները կը փոխանցեն այն կազմակերպութեան, որուն գործունէութիւնը զիրենք ամէնէն աւելի ոգեշնչած է>>, գրած է <<Նիւ Եորք Թայմզ>>:

<<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան յաղթողները պիտի ճշդեն հեղինակաւոր դատական կազմի անդամները՝ Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզելն ու Օսքար Արիասը, ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գծով նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿի խորհրդական Կարեթ Էվանսը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քարնըկի համագործակցականի նախագահ, իրանահայ Վարդան Գրիգորեանը:

 

Նշենք, որ Ճորճ Քլունին այս մրցանակաբաշխութեան հիմնադր-ման մէջ ընդգրկուած միակ հոլիվուտեան աստղը չէ: <<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան հիմնադրման գծով Ռուբէն Վարդանեանին աջակցած է <> անունը կրող ամերիկեան մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որուն խորհուրդի անդամներն են հոլիվուտեան նշանաւոր աստղեր, ինչպէս՝ Պրեթ Փիթ, Մեթ Տէյմըն եւ Տոն Չիտըլ: Այս կազմակերպութիւնը վերջին տարիներուն աշխուժօրէն մասնակցած է Ափրիկէի մէջ, մասնաւորաբար Տարֆուրի մէջ արձանագրուած զանգուածային սպանդներու փաստերը լուսարձակի տակ բերելու աշխատանքին մէջ:

Հոլիվուտեան աստղերուն աջակցութեամբ հայկական ծագում ունեցող այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչումը այլ առումով եւս խորհրդանշական է:

Մրցանակաբաշխութեան անունը՝ <<Աւրորա>>ն եւս հոլիվուտեան արմատներ ունի: Անունը ընտրուած է ի պատիւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Խարբերդէն սերող Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի, որ 1919 թուականին նկարահանուած է հոլիվուտեան <<Յօշոտուած Հայաստանը>> ժապաւէնին մէջ։ Անիկա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող առաջին շարժապատկերն է։

 


comments

Advertisement