Հայաստանի վարչապետը տեսակցած է Քուէյթի էմիրին հետ

By Asbarez | Wednesday, 11 March 2015

 

 

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, <<Արցախփրէս>> - Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան՝ Քուէյթի էմիր շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահ հրաւէրով, պաշտօնական այցելութիւն կու տայ Քուէյթ:

Վարչապետ Աբրահամեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը առաջին հերթին տեսակցութիւն ունեցած է Քուէյթի էմիր շէյխ Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի հետ։ Վարչապետը շնորհակալութիւն յայտնած է ջերմ ընդունելութեան համար եւ Քուէյթի էմիրին փոխանցած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ջերմ ողջոյններն ու Հայաստան պաշտօնական այցելութիւն տալու հրաւէրը: Քուէյթի էմիրը եւս իր կարգին փոխադարձ ջերմ ողջոյններ յղած է Հայաստանի նախագահին եւ շնորհակալութիւն յայտնած հրաւէրին համար:

Վարչապետը նշած է, որ իր պաշտօնական այցելութիւնը կը վկայէ երկկողմանի բազմաբնոյթ յարաբերութիւններու շարունակական զարգացման վերաբերեալ Հայաստանի նպատակադրուածութեան մասին: Յովիկ Աբրահամեանի համաձայն՝ իր այցելութիւնը նոր հորիզոններ պիտի բանայ երկկողմանի համագործակցութեան հետագայ ընդլայնման համար:

Էմիրը ողջունած ու կարեւոր նկատած է Հայաստանի վարչապետին Քուէյթ այցելութիւնը՝ հաստատելով, որ անիկա մեծապէս պիտի նպաստէ հայ–քուէյթեան բարեկամական յարաբերութիւններու ամրապնդման։ Քուէյթի էմիրին համաձայն՝ իր երկիրը պատրաստակամ է քննարկել այն բոլոր հարցերը, որոնք պիտի ծառայեն երկու երկիրներու եւ ժողովուրդներու շահերուն, զարգացնել եւ ընդլայնել Հայաստանի հետ փոխգործակցութիւնը տարբեր ոլորտներու մէջ, որոնց կարգին՝ քաղաքական, տնտեսական, մշակութային եւ մարդասիրական։ Էմիրը նշած է, որ չկայ որեւէ խոչընդոտ այդ նպատակներուն հասնելու համար:

Այդ պարունակին մէջ զրուցակիցները քննարկած են երկու երկիրներուն միջեւ կապերու ընդլայնման առնչուող հարցեր։

 


comments

Advertisement