Երեւանի մէջ «Քարֆուր»ի պաշտօնական բացում

By Asbarez | Wednesday, 11 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան 11 Մարտին ներկայ գտնուած է <<Երեւան մոլ>> համալիրին մէջ ֆրանսական «Քարֆուր» առեւտրական ցանցի հայաստանեան առեւտուրի կեդրոնի պաշտօնական բացման արարողութեան:

Կեդրոնի տարածքը վարձու տալու գծով արդէն իսկ համաձայնութիւն ստորագրուած էր նախորդ տարուան Մայիսին՝ <<Քարֆուր>>ի եւ <<Երեւան մոլ>>ի միջեւ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի ներկայութեամբ՝ վերջինիս Հայաստան տուած պաշտօնական այցելութեան ծիրին մէջ։

Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանի եւ «Քարֆուր»ի հայաստանեան գրասենեակի տնօրէն Քրիսթիան տը Նալի կողմէ առեւտրական կեդրոնի բացումէն ետք Սերժ Սարգսեան շրջագայած է «Քարֆուր»ի տարածքին, ծանօթացած առաջարկուող ապրանքատեսականիին, գնային քաղաքականութեան, ծառայութիւններու եւ որակին:

 


comments