Կիւլ Ֆրանսացի Պատմաբաններ Կը Հրաւիրէ՝ Մասնակցելու Յանձնաժողովի

By Asbarez | Wednesday, 07 October 2009

ՊՈԼԻՍ, <<Աժանս Ֆրանս Փրէս>>.- Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ Երեքշաբթի օր, Ֆրանսա կատարելիք պաշտօնական այցելութեան նախօրէին, հրապարակաւ հրաւիրած է օտար պատմաբաններ՝ մասնակցելու յառաջիկային <<Օսմանեան Կայսրութեան ներքոյ տեղի ունեցած հայկական ջարդերու ուսումնասիրման աշխատանքին լծուելու կոչուած յանձնաժողովին>>:

<<Ամէն տեսակի վերագրումներ կան դար մը առաջ տեղի ունեցածին մասին: Յստակ է, որ մարդիկ, որոնք չեն գիտեր թէ ե՞րբ, ո՞ւր եւ ի՞նչ պատահած է, այս հարցին վերաբերեալ որոշում չեն կրնար կայացնել>>, յայտարարած է նախագահ Կիւլ հարցազրոյցի մը ընթացքին:

<<Մենք կը յուսանք, որ պատմաբաններ, արխիւագէտներ կ՛ուսումնասիրեն այս հարցը եւ մենք պատրաստ ենք այս յանձնաժողովին եզրակացութիւնները ընդունելու: Մեր անկեղծութիւնը ցոյց տալու համար, մենք նոյնիսկ ըսած ենք, որ եթէ երրորդ երկիր մը հետաքրքրուած է այս հարցով, օրինակ՝ եթէ կան ֆրանսացի պատմաբաններ, որոնք կ՛ուզեն մաս կազմել այս յանձնաժողովին, ապա անոնք բարով կ՛ընդունուին>>, աւելցուցած է Կիւլ:

<<Աժանս Ֆրանս>>ը այս առթիւ կը յիշեցնէ, որ <<Ջարդերը ուսումնասիրելու համար յանձնաժողով>> յառաջացնելու հարցը մաս կը կազմէ հայ-թրքական դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման եւ սահմաններու բացման նպատակով զոյգ արձանագրութիւններուն:

comments