Ճորճ եւ Ամալ Քլունիի ներկայութեամբ՝ «100 LIVES» նախաձեռնութեան մեկնարկ

By Asbarez | Wednesday, 11 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Հոլիվուտի նշանաւոր աստղերէն Ճորճ Քլունին իր համերաշխութիւնն ու աջակցութիւնը յայտնեց Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցի յիշատակի օրուան՝ նեցուկ կանգնելով եւ սատարելով այս առիթով կայացած նոր նախաձեռնութեան: Արդարեւ, 10 Մարտին Նիւ Եորքի մէջ ազդարարուած <<100 LIVES>> (<<100 կեանք>>) նախաձեռնութեան մեկնարկի արարողութեան մասնակցած են ինք եւ իր կինը՝ յայտնի իրաւապաշտպան Ամալ Քլունին: Այս մասին կը գրէ բրիտանական <<Տէյլի մէյլ>>ը։


<<Ինծի համար պատիւ է համագործակցիլ <<100 LIVES>>ի հետ, քանի որ անիկա եւ իմ <> հիմնադրամս նոյն նպատակը կը հետապնդեն՝ աշխարհին ուշադրութիւնը սեւեռել ցեղասպանութեան ազդեցութեան վրայ եւ միջոցներ ներդրել աշխարհին մէջ զանգուածային կոտորածներու վերացման համար>>, ըսած է Քլունին՝ աւելցնելով, որ ցեղասպանութիւնները մինչեւ այսօր կը շարունակուին։

Հեղինակաւոր <<Տը Էքոնոմիսթ>> շաբաթաթերթը՝ անդրադառնալով Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին հայերը փրկած անհատներուն տրուող <<Աւրորա>> մրցանակի (Aurora Prize for Awakening Humanity) մեկնարկի հանդիսութեան, նշած է, որ ամերիկացի եւ օտար միսիոնարներ 1915 թուականի զանգուածային կոտորածներու եւ տեղահանութիւններու կարեւոր վկաներն են: <<Սուրիայէն մինչեւ Անդրկովկաս երկարող վայրերուն մէջ միսիոնարները օգնութիւն ցուցաբերած են փրկուածներուն, հետեւած են, որպէսզի որբերը սնունդ ունենան, կրթութիւն ստանան եւ կարողանան նոր կեանք սկսել: Այս բոլորին համար գումարները հաւաքուած են ամերիկեան եկեղեցիներուն մէջ, իսկ երբ ամերիկեան նպաստամատոյցներուն մէջ պահուող երեխաները վատ սնունդ կը ստանային, անոնց կ՛ըսէին. <<Մտածէ՛ սոված հայերուն մասին եւ աւելի երախտապարտ եղիրօ, կը գրէ <<Տը Էքոնոմիսթ>>:

Գնահատելով ու խոնարհելով վերապրածներուն եւ անոնց փրկութեան սատարածներուն դիմաց՝ <<100 LIVES>> նախաձեռնութիւնը սահմանած է <<Աւրորա>> մրցանակ՝ մերօրեայ անձնազոհ մարդոց աջակցելու եւ զանոնք խրախուսելու նպատակով: <<Աւրորա>> տարեկան մրցանակով նախատեսուած է նաեւ 1 միլիոն տոլարի նուիրատուութիւն. յաղթողը գումարը պիտի յատկացնէ այն կազմակերպութեան, զոր ներշնչած է զինք մարդասիրական քայլեր կատարելու: <<Աւրորա>> մրցանակաբաշխութեան յաղթողները պիտի ճշդեն հեղինակաւոր դատական կազմի անդամները՝ Ճորճ Քլունին, Նոպէլեան մրցանակի դափնեկիրներ Էլի Վիզելն ու Օսքար Արիասը, ՄԱԿի մարդու իրաւունքներու գծով նախկին բարձրագոյն յանձնակատար, Իրլանտայի առաջին կին նախագահ (1990-97) Մերի Ռոպինսընը, Ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման գծով ՄԱԿի խորհրդական Կարեթ Էվանսը, ինչպէս նաեւ Նիւ Եորքի մէջ գործող Քարնեկի համագործակցականի նախագահ Վարդան Գրիգորեանը:

Հոլիվուտեան աստղերուն աջակցութեամբ հայկական ծագում ունեցող այս նախաձեռնութեան կեանքի կոչումը այլ առումով եւս խորհրդանշական է:

Մրցանակաբաշխութեան անունը՝ <<Աւրորա>>ն եւս հոլիվուտեան արմատներ ունի: Անունը ընտրուած է ի պատիւ Ցեղասպանութիւնը վերապրած, Խարբերդէն սերող Արշալոյս (Աւրորա) Մարտիկանեանի, որ 1919 թուականին նկարահանուած է հոլիվուտեան <<Յօշոտուած Հայաստանը>> ժապաւէնին մէջ։ Անիկա Հայոց Ցեղասպանութիւնը ներկայացնող առաջին շարժապատկերի ժապաւէնն է։

24 Ապրիլ 2016ին Երեւանի մէջ <<Աւրորա>> անդրանիկ մրցանակի տուչութիւնը պիտի կատարէ Ճորճ Քլունին։

 


comments

Advertisement