Քուէյթեան հիմնադրամը մտադիր է ներդրումներ կատարել Հայաստանի մէջ

By Asbarez | Thursday, 12 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Ազատութիւն>> - Պաշտօնական այցելութեամբ Քուէյթ գտնուող վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան ընդունած է Քուէյթի առեւտուրի եւ արդիւնաբերութեան պալատի խորհուրդի նախագահի առաջին տեղակալ Ապտիւլ Ուահապ Մուհամէտ Ուազանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:


Զրուցակիցները կարեւոր նկատած են երկու երկիրներու առեւտրա–արդիւնաբերական պալատներու միջեւ համագործակցութեան խորացումը, ինչ որ նոր թափ պիտի հաղորդէ գործարար կապերու զարգացման ու ներդրումային ծրագիրներու իրականացման: Կողմերը հեռանկարային նկատած են արդիւնաբերութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութեան, զբօսաշրջութեան, առողջապահութեան ոլորտներուն մէջ փոխգործակցութեան զարգացումը:

Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է յառաջիկային ներկայացնելու ներդրումային տարբեր նախագիծերու առաջարկներ, որոնք պիտի նպաստեն Հայաստանի եւ Քուէյթի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան ընդլայնման: Երկուստեք նշուած է, որ առկայ է տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ, որուն առաւելագոյնս օգտագործման համար անհրաժեշտ են առեւտրական հաւաքներու կայացումը։

Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան կրնայ Քուէյթի համար դառնալ Եւրասիական տնտեսական միութեան շուկայ հասնելու լաւ հարթակ: Վարչապետը ընդգծած է, որ Հայաստանի կառավարութիւնը պատրաստ է աջակցութիւն ցուցաբերելու իւրաքանչիւր ներդրողի՝ ծրագիրները լաւագոյնս իրականացնելու համար:
Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան նաեւ տեսակցած է <<Արաբական տնտեսական զարգացման Քուէյթի հիմնադրամ>>ի գլխաւոր տնօրէնի տեղակալ Հիշամ Իպրահիմ Ուաքայեանը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկած են քուէյթեան հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մէջ տարբեր ծրագիրներու իրականացման կարելիութիւններուն առնչուող հարցեր:

Վարչապետ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան հետաքրքրուած է Քուէյթի հետ առեւտրատնտեսական եւ ներդրումային համագործակցութեամբ, որուն համար արդէն բոլոր նախադրեալները կան։

Հիշամ Իպրահիմ Ուաքայեան նշած է, որ քուէյթեան հիմնադրամը հետաքրքրուած է Հայաստանի մէջ մեծ ներդրումներ կատարելով եւ պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկելու տարբեր մեծածաւալ նախագիծեր՝ զանոնք կեանքի կոչելու համար: Այդ պարունակին մէջ կողմերը անդրադարձած են ենթակառուցուածքներու, գիւղատնտեսութեան, առողջապահութեան եւ այլ ոլորտներու մէջ միացեալ ծրագիրներու գործադրութեան կարելիութիւններուն ու այդ ուղղութեամբ նախատեսուող աշխատանքներուն: Հիշամ Իպրահիմ Ուաքայեան նշած է, որ հիմնադրամը Հայաստանի մէջ եւս շարք մը ծրագիրներ կ՛իրականացնէ՝ միջազգային ֆինանսական կառոյցներու, որոնց կարգին՝ Ասիական զարգացման դրամատան, Գիւղատնտեսութեան զարգացման միջազգային հիմնադրամի (IFAD) ծիրին մէջ, եւ այսուհետեւ եւս պիտի շարունակէ աջակցիլ Հայաստանի տնտեսութեան զարգացման առնչուող ծրագիրներու կեանքի կոչման։

Վարչապետ Աբրահամեան ողջունած է հիմնադրամին կողմէ Հայաստանի մէջ ներդրումներ կատարելու պատրաստակամութիւնը եւ ընդգծած, որ որպէս վարչապետ պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի հայ–քուէյթեան տնտեսական կապերը զարգանան եւ ընդարձակուին:

 


comments

Advertisement