By Asbarez | Thursday, 12 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>> - ՄԱԿի մէջ Հայաստանի մնայուն ներկայացուցիչ Զոհրաբ Մնացականեան 11 Մարտին հանդիպում ունեցած է ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ։
Ողջունելով դեսպան Մնացականեանը՝ Պան Քի Մուն բարձր գնահատած է Հայաստանի աշխոյժ ներգրաւուածութիւնը միջազգային բազմակողմանի գործընթացներուն մէջ, ինչպէս նաեւ ՄԱԿի գրասենեակի աշխատանքներուն նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութիւնը:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ դեսպանը գլխաւոր քարտուղարին փոխանցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական հռչակագիրի բովանդակութիւնը՝ թարգմանուած ՄԱԿի բոլոր պաշտօնական լեզուներուն՝ նշելով, որ Հռչակագիրը կը միտի ցեղասպանութեան դէմ համամարդկային պայքարի ամրապնդման ու զարգացման:
Դեսպան Մնացականեան ներկայացուցած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները՝ ընդգծելով անոնց կարեւորութիւնը ոճրագործութիւններու անթոյլատրելիութեան վկայակոչման եւ ցեղասպանութեան կանխարգիլման ուղղուած հետեւողական ջանքերու ամրապնդման առումով:
Դեսպան Մնացականեան բարձր գնահատած է ցեղասպանութեան կանխարգիլման առնչուող գործընթացներուն մէջ ՄԱԿի ա-ռանցքային դերակատարութիւնը՝ որպէս համամարդկային եւ բարոյական արժէքներու վրայ հիմնուած միջազգային կարեւորագոյն առաքելութիւնը ստանձնած կառոյց:
Զոհրաբ Մնացականեան Պան Քի Մունը տեղեկացուցած է նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամ-եակին նուիրուած <<100 Lives>> նախաձեռնութեան ծիրին մէջ 10 Մարտ 2015ին Նիւ Եորքի մէջ պաշտօնապէս ազդարարուած մարդասիրական <<Աւրորա>> մրցանակին մասին:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են տարածաշրջանային խնդիրներու եւ անոնց կարգաւորման կարելիութիւններուն մասին։
Անդրադարձ կատարուած է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման բանակցային գործընթացին:
ՄԱԿի Ընդհանուր քարտուղարը վերահաստատած է ՄԱԿի շարունակական աջակցութիւնը ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահութեան շրջագիծին մէջ եւ անոնց առաջարկներու հիման վրայ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի կարգաւորման:
Դեսպան Մնացականեանի կողմէ ընդգծուած է վստահութեան ամրապնդման ուղղուած միջոցներու կարեւորութիւնը, մասնաւորապէս, շփման գիծին վրայէն արձակազէններու հեռացման, ինչպէս նաեւ զինադադարի խախտումներու հետաքննութեան մեքանիզմի ստեղծման վերաբերեալ համանախագահներու առաջարկները:
Դեսպան Մնացականեան մտահոգութիւն յայտնած է այն առնչութեամբ, որ համանախագահներուն կողմէ առաջարկուող այս միջոցները միշտ կը մերժուին Ատրպէյճանի կողմէ՝ ընդգծելով միջազգային հանրութեան կողմէ համապատասխան արձագանգի կարեւորութիւնը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ