Եւրոխորհրդարանը ցեղասպանութիւնը ճանչնալու կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան երկիրներուն

By Asbarez | Thursday, 12 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Նիուզ>>.- Մարտ 12ին, Եւրոխորհրդարանը վաւերացուցած է մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ իր տարեկան զեկոյցը, որմէ որոշ պարբերութիւններ կը վերաբերին հայութեան:


Եւրոխորհրդարանը, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ, կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան անդամ պետութիւններուն ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը եւ կը խրախուսէ Եւրոմիութեան հիմնարկները՝ նպաստել Ցեղասպանութեան ճանաչման:

<<Հայաստանի եւրոպացի բարեկամներ>> կազմակերպութիւնը (ՀԵԲ) ջերմօրէն ողջունած է Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցը: ՀԵԲ ղեկավար Էտուարտօ Լորենզօ Օչօա գրած է. <<Երկարատեւ ընդմիջումէ ետք, Եւրոխորհրդարանը վերահաստատած է իր դիրքորոշումը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան վերաբերեալ, դարձեալ հաստատելով, որ ցեղասպանութիւնները եւ անոնց ժխտումը պէտք է դիտարկուին մարդկային իրաւունքներու ծիրէն ներս: Այս առանձնայատուկ տարուան ընթացքին, մենք երախտապարտ ենք հայ ժողովուրդին հանդէպ եւրոպական համերաշխութեան այսպիսի ուժեղ ազդանշանի համար>>:

Եւրոպական խորհրդարանի զեկոյցը մասնաւորապէս ուշադրութեան տակ կը դնէ մարդկային իրաւունքներու հարցը՝ Եւրոմիութեան գործընկերներուն հետ յարեբերութիւններու պարունակէն ներս, նշելով. <<Եւրոմիութեան գործընկեր երկիրներուն պէտք է համագործակցութեան առաւել բարձր կարգավիճակ շնորհուի՝ բացառապէս մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան առնչուող պայմանները բաւարարելու պարագային, իսկ Եւրոմիութիւնը պէտք չէ վարանի յարեբերութիւնները սառեցնելէ՝ նշուած պահանջները չբաւարարուելու պարագային>>:

Փաստաթուղթին մէջ նաեւ անդրադարձ կայ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրավիճակին, մասնաւորպէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, նշելով նաեւ հայերու պարագան: Այս պարբերութիւններով, խորհրդարանը կոչ կ՛ընէ Եւրոմիութեան եւ անոր անդամ երկիրներուն՝ <<երաշխաւորելու, որ կրօնական փոքրամասնութիւնները յարգուին աշխարհի տարածքին, մասնաւորապէս՝ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ, ուր քրիստոնեաները, ներառեալ կաթոլիկները, առաքելական հայերը, ղպտիները, եզիտիներն ու իսլամ փոքրամասնութիւնները կը հալածուին <<Իսլամական պետութեան>> եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ>>:

 

comments