Փութին պիտի մասնակցի ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ձեռնարկներուն

By Asbarez | Thursday, 12 March 2015

 

ՄՈՍԿՈՒԱ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Մարտ 12ին, Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով հաղորդեց, թէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Հայաստան պիտի այցելէ, մասնակցելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած միջոցառումներուն:

Փեսքով աւելցուց, թէ Փութին իր այցելութեան մանրամասնութիւննեը քննարկած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Սերժ Սարգսեանի հետ, նոյն օրը տեղի ունեցած հեռաձայնային զրոյցի մը ընթացքին:

Ռուսիա այն երկիրներէն է, որ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը։


comments

Advertisement