Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿի պատժամիջոցները վերցնելու բանակցութիւնները ընթացք առած են

By Asbarez | Monday, 16 March 2015

 

ԼՕԶԱՆ  - <<Ռոյթըրզ>> կը հաղորդէ, որ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի մնայուն հինգ անդամներուն եւ Գերմանիոյ հետ Իրանի բանակցութիւններուն նորագոյն հանգրուանը ընթացք առած է, քննելու համար Ապահովութեան խորհուրդի որոշում մը, որ կը ջնջէ Իրանի դէմ հաստատուած ՄԱԿի պատժամիջոցները, եթէ Թեհրանի հետ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ:


Բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ, այս շաբաթ նախատեսուած պաշտօնական բանակցութիւններու նախօրեակին, որոնց նպատակն է համաձայնութեան նախագիծ մը գոյացնել մինչեւ այս ամսուան վերջաւորութիւն, մինչ ամբոջական համաձայնութիւն մը կ՛ակնկալուի Յուլիսին։


Դիւանագէտներ <<Ռոյթըրզ>>ին յայտնած են, որ պատժամիջոցները ջնջելու որոշումը ուժի մէջ պիտի մտնէ անմիջապէս, երբ հիւլէական թղթածրարին շուրջ համաձայնութիւն գոյանայ: Անոնք աւելցուցած են, որ որոշումը բանաձեւուած է այնպիսի ձեւով, որ որեւէ պետութեան չ՛արտօներ զայն գործադրելէ խուսափիլ:
Մարտ 16ին, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերի, Լօզանի մէջ աւելի քան հինգ ժամ տեւած խորհրդակցութիւններ ունեցած է Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամմատ Զարիֆի հետ, որմէ ետք Զարիֆ Պրիւքսէլ մեկնած է՝ խորհրդակցութիւններ ունենալու համար Եւրոմիութեան, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Բրիտանիոյ իր պաշտօնակիցներուն հետ։ Կ՛ակնկալուի, որ Քերի-Զարիֆ հանդիպում մը եւս կայանայ Մարտ 17ին, դարձեալ Լօզանի մէջ։


comments

Advertisement