By Asbarez | Monday, 16 March 2015
ՊԱՂՏԱՏ, <<Ռոյթըրզ>> - Իրաքի Սալահետտին նահանգի նահանգապետի մամլոյ խորհրդատու Ղէյս Թալալ յայտնեց, որ իրաքեան ապահովական ուժերը իրենց վերահսկողութեան տակ առնած են Տուր գաւառը, Նահիաթ Ալամը եւ Պու Ուժէյլ գիւղը, մինչ ապահովական աղբիւր մը Մարտ 16ին նշեց, որ Թիքրիթի ճակատամարտը առայժմ սառեցուած է՝ սպասելով յաւելեալ ուժերու ժամանումին:
Կիրակի օր, իրաքեան զինեալ ուժերը լայնածաւալ զինուորական գործողութիւն մը շղթայազերծած էին եւ իրենց վերահսկողութեան տակ առած Հայաքել եւ Տիում շրջանները, իսկ հիւսիսէն Քատիսիյա թաղամասին մէջ՝ Քարաժ փողոցը։ Աւելի ուշ, Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Խալետ Օպէյտի յայտարարեց, որ իրաքեան ապահովական ուժերը, Ժողովրդային զօրախումբի ուժերը եւ ցեղախումբերու զինեալները ազատագրած են Թիքրիթի մեծ մասը:
Ներկայիս միայն քաղաքի կեդրոնական բաժինը կը գտնուի <<Իսլամական պետութեան>> հակակշիռին տակ։
Թալալ յայտնեց, որ իրաքեան ուժերը դանդաղ կերպով կը յառաջանան, որովհետեւ <<Իսլամական պետութեան>> զինեալները Թիքրիթի շուրջ բազմաթիւ ականներ լարած են, ինչպէս նաեւ քաղաքի արուարձաններուն մէջ հողէ բազմաթիւ պատնէշներ բարձրացուցած եւ խրամատներ փորած:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ