Երեւանի մէջ սկսած է Եւրոնեսթի միջխորհրդարանական վեհաժողովը

By Asbarez | Monday, 16 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<ՓանԱրմինիըն>> - Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ սկսած է Եւրոնեսթի միջխորհրդարանական վեհաժողովի 4րդ լիագումար նիստը, որ կը կայանայ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու քաղաքացիական հասարակութեան ազգային հարթակներու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:


Բացման խօսք արտասանած է Եւրոնեսթի փոխնախագահ Հէիտի Հաութալա, որ ողջունած է ներկաները ու շնորհակալութիւն յայտնած կազմակերպչական աշխատանքներուն համար: Նիստը վարած է Տարածքաշրջանային հետազօտութիւններու կեդրոնի ղեկավար Ռիչըրտ Կիրակոսեանը:

Արեւելեան գործընկերութեան քաղաքացիական հասարակութեան աշխատանիստի ղեկավար կոմիտէի համանախագահ Քշիշտոֆ Պոպինսքին իր խօսքին մէջ յատկապէս արժեւորած է վերջին տարիներուն բազմաթիւ երկիրներու մէջ քաղաքացիական հասարակութիւններու կայացումը: Ան ցաւով նշած է, որ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը ներկայ չէ ժողովին: <<Յոյսով եմ, որ պիտի գայ ժամանակ, երբ Եւրոնեսթի ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը պիտի կարենայ Հայաստան այցելել>>, նշած է ան՝ ըստ <<Թեր>>չի:

Եւրոնեսթի ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը բողոքի ալիք բարձրացուցած էր նստաշրջանը Հայաստանի մէջ կայացնելու որոշման դէմ: Պատուիրակութեան ղեկավար Էլհան Սուլէյմանով 11 Փետրուարին Սթրազպուրկի մէջ տեղի ունեցած Եւրոնեսթի Բիւրոյի հերթական նիստին յայտարարած էր, թէ իրենք դէմ են Խորհրդարանական վեհաժողովի, Բիւրոյի եւ յանձնաժողովներու նիստերը Երեւանի մէջ կայացնելու որոշումին եւ վեհաժողովին Հայաստանի համանախագահութեան։
<<Քանի դեռ Հայաստանը չէ դադրեցուցած Ատրպէյճանի նկատմամբ իր յարձակողականութիւնը, Բիւրոյի եւ յանձնաժողովներու նիստերը Հայաստանի մէջ կայացնելը, ինչպէս նաեւ Եւրոնեսթի մէջ Հայաստանի նախագահութիւնը անընդունելի է, եւ ատրպէյճանական պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Հայաստանի մէջ կայացող այդ աշխատանքներուն: Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի 4րդ նստաշրջանը տեղի պիտի ունենայ Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան 100ամաեկի նախօրէին: Կասկած չկայ, որ Հայաստան պիտի օգտուի այս ժողովէն՝ քարոզելու հայոց <<յօրինուած>> ցեղասպանութիւնը>>, յայտարարած էր Սուլէյմանով:

Ատրպէյճանական պատուիրակութեան ղեկավարը արդէն բազմիցս իր <<վրդովումը>> յայտնած էր նիստը Երեւանի մէջ գումարելուն վերաբերեալ:

 


comments

Advertisement