By Asbarez | Monday, 16 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ - Աշխատանքային այցելութեամբ Եգիպտոս գտնուող Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան հանդիպում ունեցած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի հետ:
Զրուցակիցները բարձր գնահատած են հայ-եգիպտական քաղաքական յարաբերութիւններու մակարդակը եւ քննարկած տնտեսական համագործակցութեան զարգացման ու ընդլայնման վերաբերող հարցեր: Երկուստեք նշած են, որ առկայ է տնտեսական համագործակցութեան մեծ ներուժ: Տնտեսական կապերը աշխուժացնելու իմաստով կողմերը կարեւոր նկատած են միջկառավարական յանձնախումբի աշխատանքներուն յաւելեալ թափ տալը, տնտեսական համաժողովներու կազմակերպումը, երկու երկիրներու գործարար շրջանակներուն հետ կապերու սերտացումը: Հայաստանի վարչապետը եւ Եգիպտոսի նախագահը հեռանկարային նկատած են գիւղատնտեսութեան, արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան եւ տնտեսութեան այլ ճիւղերու մէջ համագործակցութեան զարգացումն ու ամրապնդումը:
Ապտել Ֆաթթահ Սիսի բարձր գնահատած է Եգիպտոսի հայ գաղութին դերը երկրի զարգացման իմաստով եւ նշած, որ անիկա լաւ կամուրջ է հայ-եգիպտական կապերու ընդլայնման եւ խորացման առումով:
Յովիկ Աբրահամեան նշած է, որ Հայաստան շատ մեծ կարեւորութիւն կու տայ արաբական երկիրներուն հետ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման: <<Այս առումով Եգիպտոսը առանձնայատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ հայ եւ եգիպտացի ժողովուրդներուն միջեւ հին ժամանակներէն առկայ յարաբերութիւնը վերածուած է նորօրեայ ամուր բարեկամութեան>>, դիտել տուած է վարչապետը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ