«Կալիփոլիի միջոցառման՝ մեր կողքին 30 երկիրներու առաջնորդներ պիտի ըլլան». Էրտողան

By Asbarez | Monday, 16 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, արհեստակցական միութիւններու <<Մեմուր Սեն>> համադաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն ըսած է, որ Ապրիլ 24ին, Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակին առթիւ կազմակերպուելիք միջոցառումներուն պիտի մասնակցին 30 երկիրներու առաջնորդներ եւ բազմաթիւ այլ պաշտօնատարներ:

Ըստ թրքական <<Աքթուէլ>> լրատուական կայքին՝ Էրտողան վստահեցուցած է, որ Կալիփոլիի ճակատամարտի 100ամեակի տօնակատարութիւնները՝ Կալիփոլիի եւ Թուրքիոյ այլ քաղաքներուն մէջ, աւելի մեծ շուքով պիտի նշուին։


comments

Advertisement