Թուրքիա կը քննադատէ Եւրոխորհրդարանի կոչը

By Asbarez | Monday, 16 March 2015

 

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>> - Եւրոխորհրդարանը Մարտ 12ին վաւերացուցած էր մարդկային իրաւունքներու եւ ժողովրդավարութեան վերաբերեալ իր տարեկան տեղեկագիրը, որմէ կարգ մը պարբերութիւններ կ՛առնչուէին հայութեան։

Եւրոխորհրդարանը, Հայկական Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ, կոչ ուղղած էր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն, որ ճանչնան Հայկական Ցեղասպանութիւնը, եւ խրախուսած էր Եւրոմիութեան հիմնարկները՝ նպաստելու Ցեղասպանութեան ճանաչման ջանքերուն։

Այս կոչին առնչութեամբ, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչ քննադատական յայտարարութիւններ ըրաւ անցնող շաբաթավերջին եւ ըսաւ, որ Եւրոխորհրդարանի տեղեկագիրը, ուր Եւրոմիութեան անդամ երկիրներուն կոչ կ՛ուղղուէր պաշտօնապէս ճանչնալու Ցեղասպանութիւնը, մտահոգիչ եւ անյարիր է պատմական իրողութիւններուն։

Իր կարգին, նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան, արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ զետեղուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ յայտարարած է, որ Եւրոխորհրդարանի տեղեկագիրը ամէն տեսակէտով խնդրայարոյց է։

 

comments