Ասատ Քերիի յայտարարութենէն աւելի՝ անոր քայլերուն կը սպասէ

By Asbarez | Tuesday, 17 March 2015

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ, անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճան Քերիի Կիրակի օրուան յայտարարութեան, թէ՝ <<Ուաշինկթըն ի վերջոյ պիտի ստիպուի բանակցելու>> Ասատի հետ, Մարտ 16ին յայտնեց. <<Տակաւին յայտարարութիւններ կը լսենք: Պէտք է գործերուն սպասենք, եւ այն ատեն կ՛որոշենք>>: Ան շեշտեց. <<Սուրիոյ նախագահի ապագային վերաբերեալ խօսքը կը պատկանի սուրիացի ժողովուրդին>>:

Ասատ իրանեան պատկերասփիւռի կայանի մը հետ զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց. <<Միջազգային որեւէ փոփոխութիւն, եթէ անկեղծ է եւ իսկապէս ազդեցութիւն ունի, դրակա՛ն է։ Սակայն, առաջին քայլը պէտք է ըլլայ ահաբեկիչներու աջակցութեանց դադրեցումը։ Այդ պարագային կրնանք ըսել, որ այս փոփոխութիւնը իսկական փոփոխութիւն մըն է>>։

Քերիի յայտարարութիւնը իրարանցում մը ստեղծած էր Ասատի ընդդիմացող շրջանակներուն մօտ, ինչի հետեւանքով՝ Ուաշինկթըն պարտադրուեցաւ յայտարարել, թէ հաստատ կը մնայ այն կեցուածքին վրայ, որ <<Ասատ Սուրիոյ ապագային մէջ դերակատար պէտք չէ ըլլայ>>։

 

Միւս կողմէ, <<Սի.Այ.Էյ.>>ի տնօրէն Ճան Պրենըն յայտարարեց. <<Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ կառավարութեան եւ անոր հաստատութեանց քայքայումը չ՛ուզեր, որովհետեւ ատիկա իսլամ ծայրայեղական խմբաւորումներուն եւ մասնաւորաբար <<Իսլամական պետութեան>> համար ճամբայ պիտի հարթէ։ Չենք ուզեր անոնց առիթ տալ, որ դէպի Դամասկոս յառաջանան>>: Ան ըսաւ, որ այդ պատճառով՝ կարեւոր է սուրիական ոչ-ծայրայեղական ընդդիմութեան ուժերուն աջակցիլ:
Իր կարգին, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւս Մարտ 16ին նշեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ ընդդիմանալ Ասատի հետ բանակցելու գաղափարին՝ աւելցնելով. <<Մեզի համար յստակ է, որ Պաշշար Ասատ չի կրնար այդ պատկերին մէջ ըլլալ>>:


comments

Advertisement