Դաշնակցութիւնը հանդիպում ունեցաւ Եւրոնեսթի ներկայացուցիչներուն հետ

By Asbarez | Tuesday, 17 March 2015


 

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - 17 Մարտին, ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի կեդրոնատեղիին մէջ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան, ՀՅԴ ԳՄի անդամներ Արծուիկ Մինասեան, Լիլիթ Գալստեան, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի պատասխանատու Գասպար Կարապետեան եւ աշխատակից Պետօ Տէմիրճեան հիւրընկալեցին Եւրոնեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի ներկայացուցիչներ՝ Եւրախորհրդարանի անդամ, ընկերվար-ժողովրդավարական խմբակցութեան փոխնախագահ Կնուտ Ֆլեքենշթայնը եւ Վրաստանի ընկերվար-ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, խորհրդարանի անդամ Կիա Ճորճոլիանը: Քննարկուեցան հետագայ համագործակցութիւնը եւ գործընկերային յարաբերութիւնները:


Հանդիպման ընթացքին Աղուան Վարդանեան ներկայացուց Դաշնակցութեան անցած ուղին:

<<Ուրախ ենք Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի մեր գործընկերներին ընդունել Հայաստանում: Գոհունակութեամբ պէտք է արձանագրեմ, որ մեր եւրոպացի գործընկերների հետ այսօր էլ՝ ԵՏՄին անդամակցելուց յետոյ, կարողանում ենք գտնել համագործակցութան եզրեր>>, նշեց Վարդանեան։


Այնուհետեւ կողմերը քննարկեցին Եւրոպական խորհրդարանի ընկերվար-ժողովրդավարական խմբակցութեան եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան միջեւ գործակցութեան կարեւոր ուղղութիւնները:


comments

Advertisement