Սուրիոյ խորհրդարանը մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած է Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը

By Asbarez | Wednesday, 18 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Եռագոյն>>.- Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ Մուհամմատ Ճիհատ Լահամ, Մարտ 17ին գումարուած նիստին ընթացքին, յայտնած է. <<Մեր բացարձակ համերաշխութիւնը կը յայտնենք հայ բարեկամ ժողովուրդին, Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայ հարազատներուն, որոնք հարիւր տարի առաջ ենթարկուեցան հաւաքական ցեղասպանութեան՝ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ>>:


Սուրիոյ խորհրդարանի կայքը կ՛աւելցնէ, թէ խորհրդարանի նախագահը նաեւ նշած է. <<Օրեր ետք, 100ամեակն է Հայոց Ցեղասպանութեան, զոր իրականացուց Օսմանեան կայսրութիւնը՝ բարեկամ հայ ժողովուրդին եւ Սուրիոյ մէջ ապրող մեր հայ հարազատներուն նկատմամբ, որոնք հարիւր տարի առաջ ենթարկուեցան ահռելի ցեղասպանութեան: Այսօր մեր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնենք անոնց կողքին կանգնելու, երբ կ՛ոգեկոչենք ցաւալի այս իրադարձութեան 100ամեակը, զոր պատմութիւնը արձանագրեց ահաւոր պատկերներով: Մենք կոչ կ՛ուղղենք միջազգային համայնքին եւ ամբողջ աշխարհի ժողովուրդներուն՝ միասնաբար կանգնելու կեանքեր վերջ դնողներուն, գլուխներ հատողներուն եւ Միջին Արեւելքը հարուածող ահաբեկիչներուն դէմ, որպէսզի առաջքը առնենք մարդկութեան պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան հանդէպ իրագործուող նոր ջարդերու:

<<Ընկերներ եւ ընկերուհիներ, ձեզ կը հրաւիրեմ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգելու յիշատակը ցաւալի իրադարձութիւններուն զոհ դարձած մէկ ու կէս միլիոն հայերուն։ Այդ իրադարձութիւնները նաեւ պատճառ դարձան, որ մէկ ու կէս միլիոն հայ փախստական դառնայ եւ ցրուի աշխարհի տարածքին>>:

 

comments