Դամասկոս վար առած է Ամերիկեան անօդաչու օդանաւ մը

By Asbarez | Wednesday, 18 March 2015

 

 

ՊԷՅՐՈՒԹ, ԴԱՄԱՍԿՈՍ <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ պետական <<Սանա>> լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը Մարտ 17ի գիշերը, Լաթաքիոյ հիւսիսային կողմը վար առած են ամերիկեան անօդաչու օդանաւ մը, որ Լաթաքիոյ վերեւը հասած էր ծովու կողմէն:


Թրքական կարգ մը լրատուամիջոցներ հաստատած են, թէ օդանաւը ճամբայ ելած է Ատանա գտնուող Ինճիրլիքի ամերիկեան ռազմակայանէն։

Այս շաբաթ հաղորդուած էր, թէ Թուրքիա եւ Ամերիկա համաձայնութիւն գոյացուցած էին Ինճիրլիքի ռազմակայան հաստատուած ամերիկեան անօդաչու օդանաւեր օգտագործելու <<Իսլամական պետութեան>> դէմ պայքարին մէջ։

 


comments

Advertisement