Էրտողան Փութինի հետ խօսած է նաեւ Ցեղասպանութեան մասին

By Asbarez | Wednesday, 18 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Էրմենիհապեր>> - Թրքական նախաձեռնութեամբ, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ Մարտ 17ի երեկոյեան տեղի ունեցած է 30 վայրկեաննոց հեռախօսազրոյց մը:

Ըստ թրքական <<Անատոլու>> լրատուական գործակալութեան՝ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ Թուրքիոյ անոր պաշտօնակից Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան անդրադարձած են նաեւ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին: Թուրքիոյ նախագահը կրկնած է, թէ Թուրքիա Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով կողմնակից է պատմութիւնը <<արդար յիշողութեան հեռանկարով դիտարկելու>>ն: Ան Հայաստանը մեղադրած է նախ <<խաղաղութեան կոչերը անտեսելուն>>, ապա՝ պատմաբաններու միացեալ յանձնաժողով ստեղծելու մասին Թուրքիոյ առաջարկը մերժելուն համար:


Մարտ 20ին, Էրտողանի Ուքրանիա կատարելիք այցելութեան սեմին կայացած սոյն զրոյցին ընթացքին, զրուցակիցները քննած են ուժանիւթի ոլորտին, ինչպէս նաեւ Խրիմի թաթարներու կարգավիճակին եւ ուքրանական ճգնաժամին առնչուող հարցեր:

 

comments