By Asbarez | Thursday, 19 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<ՀՅԴ Մամլոյ Դիւան>> - ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրին մէջ 19 Մարտին ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան եւ ԳՄ անդամ Պետրոս Մեղրեան հանդիպում ունեցան Հայաստանի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Իվան Վոլինքինի հետ:
Հանդիպման ընթացքին Աղուան Վարդանեան կարեւոր նկատեց երկու երկիրներուն միջեւ ռազմավարական գործակցութիւնը, շեշտեց նման հանդիպումներու անհրաժեշտութիւնը, տեսակէտներու փոխանակումը՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու, միջազգային իրավիճակին եւ Հայաստանի ներքաղաքական անցուդարձին վերաբերեալ:
Արմէն Ռուստամեան ներկայացուց Դաշնակցութեան քաղաքական օրակարգը, կուսակցութեան մօտեցումները երկրի հիմնական՝ ներքաղաքական, ընկերային-տնտեսական խնդիրներուն վերաբերեալ: Ան անդրադարձաւ նաեւ սահմանադրական բարեփոխումներուն նկատմամբ Դաշնակցութեան մօտեցումներուն՝ զանոնք հիմնաւորելով։
Դեսպան Իվան Վոլինքին՝ կարեւոր նկատելով նման հանդիպումներ, նշեց, որ Հայաստանն ու Ռուսիան ռազմավարական դաշնակիցներ են, եւ Հայաստանի՝ ԵՏՄին անդամակցիլը աւելի կը սերտացնէ երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները:
Դաշնակցութեան ներկայացուցիչներուն առաջարկով, հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ Գիւմրիի մէջ կատարուած ողբերգութեան նախաքննութեան ընթացքը:
Հանդիպումին կը մասնակցէր նաեւ Ռուսիոյ դեսպանատան քաղաքական հարցերով խորհրդական Ալեքսանտր Վասիլեւը:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ