By Asbarez | Thursday, 19 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - 19 Մարտին՝ ժամ շուրջ 08:30ին, ըստ նախնական տուեալներու, ատրպէյճանական հետախուզական¬ներթափանցման խումբ մը յարձակում կատարած է N զօրամասի պահպանութեան շրջանի մարտական յենակէտերուն ուղղութեամբ:
Հակառակորդի յատուկ նշանակութեան ջոկատի ուժեղ խումբը յարձակումի ձեռնարկած է հիւսիսային (Գիւլիստանի) ուղղութեամբ տեղակայուած դիրքերուն վրայ: Շուրջ երկու ժամ տեւած մարտական գործողութեան իբրեւ արդիւնք նախ դիրքապահ անձնակազմը ետ մղած է նախայարձակ հակառակորդը, ապա օգութեան հասած ուժերուն հետ հետապնդելով վերջինս, ոչնչացուցած է իր դիրքերու մատոյցներուն մէջ:
Համաձայն Պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ծառայութիւններուն կողմէ հաստատուած տեղեկութիւններուն, արդէն յստակացած է, որ ատրպէյճանական հետախուզական խումբի երկու անդամներ մահացած են, իսկ մէկը վիրաւորուած է։ Մահացողներուն մէկուն մականունը Հիւսէյնով է, միւսին անունը՝ Ջէյհուն, իսկ վիրաւորներէն մէկուն անունը՝ Էլշատ: Հակառակորդի կորուստներու թիւը կը գնահատուի 12, որոնց մեծ մասը պայթած է ականի վրայ:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան լրատուական ծառայութենէն յայտնած են, որ հակառակորդը մարտադաշտին վրայ ձգած է տարբեր տեսակի զէնք ու զինամթերք, որոնց կարգին՝ АК տիպի ինքնաձիգ՝ իսրայէլական արտադրութեան գիշերային տեսանելիութեան նշանոցով եւ խլացուցիչով, սակրաւորի յատուկ հանդերձանք, 4 հատ <<Муха>> տիպի նռնականետ, յարձակողական նռնակներ, փամփուշտի պահեստատուփեր, մեծ քանակութեան օգտագործուած ներարկիչներ, որոնք ամենայն հաւանականութեամբ օգտագործուած են վիրաւորները ցաւազրկելու նպատակով:
Ցաւօք, հակառակորդին դէմ դնելու ընթացքին արիաբար զոհուած են բանակին մէջ ծառայող զինուորներ Յակոբ Գագիկի Խաչատրեանը (1996թ.), Էդուարդ Գագիկի Հայրապետեանը (1995թ.) եւ Արշակ Կարէնի Յարութիւնեանը (1995թ.), իսկ չորս այլ զինուորներ վիրաւորուած են ու փոխադրուած հիւանդանոց։ Երկու զինուորներուն վիճակը կայուն ծանր է, իսկ միւս երկուքին կեանքը վտանգուած չէ։
Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հաղորդագրութեան մէջ կիսած է ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը յայտնած է զոհուած զինուորներուն ընտանիքներու անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Նահատակ զինուոր Յակոբ Գագիկի Խաչատրեանը Արցախէն է, Քաշաթաղէն: Միւս նահատակը` Արշակ Կարէնի Յարութիւնեանը Երեւանի Էրեբունի շրջանէն է, իսկ Էդուարդ Գագիկ Հայրապետեանը` Աշտարակէն:
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելու ընթացքին իրենց ցուցաբերած արիութեան համար ԼՂՀ պաշտպանութեան բանակի N զօրամասի զինծառայողներ Յակոբ Խաչատրեանը, Էդուարդ Հայրապետեանը եւ Արշակ Յարութիւնեանը յետմահու պարգեւատրած է <<Արիութեան>> շքանշանով:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ