By Asbarez | Thursday, 19 March 2015
ՊԷՅՐՈՒԹ, <<Ազդակ>> - Չորեքշաբթի, 18 Մարտ 2015ին, երեկոյեան ժամը 5:30էն սկսեալ ԼԵՄականներու եւ ԶՈՄականներու 60 հոգինոց խումբ մը բողոքի ցոյց մը կատարեց Պէյրութի <<Ա. Պէ. Սէ. Էշրեֆիէ>> հանրախանութի շարժապատկերի սրահին մուտքին, ուր տեղի պիտի ունենար Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան կողմէ կազմակերպուած <<Սոն Մեքթուփ>> (Վերջին նամակը) թրքերէն ժապաւէնի ցուցադրութիւնը:
Ժապաւէնը կը խօսի Կալիփոլիի ճակատամարտին մասին, որուն 100ամեակը օգտագործելով, թրքական արտաքին քաղաքականութիւնը կը փորձէ միջազգային ուշադրութիւնը շեղել Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցէն եւ Թուրքիոյ կատարած ոճիրէն: Բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ կառավարութիւնը անգամ մը եւս ձախողեցաւ: Դաշնակցական երիտասարդներն ու ուսանողները` ԼԵՄականներն ու ԶՈՄականները, Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած միացեալ տարազով, անգլերէնով եւ արաբերէնով բողոքի պաստառներ բարձրացուցած, ինչպէս նաեւ Էրտողանը քննադատող նկարներով կազմեցին ամուր մարդկային անցք մը եւ քաղաքակրթօրէն հսկեցին շարժապատկերի սրահի մուտքին. անոնք նաեւ հանրախանութին մէջ եղողներուն ցրուեցին ցոյցին մասին բացատրողական թռուցիկներ:
Այս մէկը պատճառ դարձաւ թրքական դեսպանատան ապահովական ուժերուն եւ համակիրներուն զայրոյթին, անոնք ցեղապաշտական կանչեր սկսան արձակել, ապա յարձակեցան խաղաղ ցուցարարներուն վրայ: Հայկական կողմը դիմադրեց թրքական կողմին, մինչեւ որ լիբանանեան ներքին ապահովութեան ուժերը միջամտեցին ու բաժնեցին երկու կողմերը: Այս դէպքին ընթացքին երկու հայ երիտասարդներ վիրաւորուեցան: Թուրք մը ձերբակալուեցաւ ոստիկանութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ` անոր միանալ ուզած այլ թուրք մը: Ոստիկանութիւնը շարժապատկերի սրահի մուտքի դուռը փակելով հայ ցուցարարները բաժնեց թուրք խուլիկաններէն:
Ապա թուրքերը սկսան գոռալ <<Էրտողան, Էրտողան>>, որոնց հայկական կողմը պատասխանեց <<Ցեղասպան, ցեղասպան>> բացագանչելով: Դաշնակցական ցուցարարները շարունակեցին իրենց անգլերէն կանչերը` գոռալով <<Հայոց Ցեղասպանութիւն>>, <<Կը յիշենք եւ կը պահանջենք>>, <<Ոճրագործ Թուրքիա>> եւ այլ կարգախօսներ: Անոնց յաջորդեցին յեղափոխական երգեր:
Աւելի քան 2 ժամ տեւած այս ելեկտրականացած ցոյցը մեծ աղմուկ բարձրացուց <<Ա. Պէ. Սէ.>>ի մէջ, ուր, հակառակ ապահովական խիստ ներկայութեան, անցորդներ եւ յաճախորդներ միացան բողոքողներուն եւ նկարուեցան բարձրացուած պաստառներուն կողքին: Անոնց միացան նաեւ մեծ թիւով պաշտօնեաներ, որոնք ամբողջ ցոյցին տեւողութեան հետեւեցան դէպքերուն:
Տեղին է նաեւ նշել, որ թուրք դեսպանը որոշ ժամանակուան մը համար բանտարկուեցաւ շարժապատկերի սրահին մէջ` բողոքին եւ դէպքերուն պատճառով: Ան ստիպուեցաւ սպասել, մինչեւ որ հայկական կողմը վերջ տայ ցոյցին եւ առիթ տայ անոր դուրս գալուն: Աւելցնենք, որ լիբանանեան զանազան պատկերասփիւռի կայաններու եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ ներկայ էին եւ հաղորդեցին դէպքին լուրը:
Ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Պասպուսի անձամբ միջամտութենէն ետք դաշնակցական երիտասարդներն ու ուսանողները` աւարտելով իրենց առաքելութիւնը, լքեցին դէպքին վայրը: Դէպքին ընթացքին արձանագրուած վիրաւորներուն գծով բողոքներ կը ներկայացուին դատական համապատասխան ատեաններուն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ