Ասատ պատրաստ է Մոսկուայի մէջ միջսուրիական երկխօսութեան երկրորդ նիստին

By Asbarez | Monday, 23 March 2015

ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ռոյթըրզ>> - Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ ռուս յատուկ պատուիրակ Ազամաթուլլա Կիւլիմահմետովի եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութեան հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց. <<Սուրիա պատրաստ է շարունակելու Մոսկուայի մէջ միջսուրիական երկխօսութեան երկրորդ նիստի մը գումարման նպատակով՝ ռուսական ջանքերը յաջողցնելու աշխատանքները, եւ այդ մէկը իրագործելու առաջին քայլը՝ համաձայնութիւն գոյացնելն է օրակարգի մը վրայ, որ կը ճշդէ աշխատանքի կարգը, երկխօսութեան հիմերը եւ անոր նպատակներու իրագործումը երաշխաւորող քայլերը>>:

Նախքան այդ, ընդդիմադիր Սուրիական ազգային համախոհութիւնը յայտարարեց, որ կը մերժէ Մոսկուայի մէջ Ապրիլի սկիզբը նախատեսուած <<Մոսկուա 2>> ժողովին մասնակցիլ: Համախոհութիւնը նոյն ատեն ողջունեց Սուրիոյ մէջ քիմիական զէնքերու օգտագործումը քրէականացնող ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 2209 որոշումը վեթոյի չենթարկելու Ռուսիոյ կեցուածքը:

comments

Advertisement