By Asbarez | Monday, 23 March 2015
ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - Ֆրանսա Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութեան պիտի մասնակցի երկրի ղեկավարին մակարդակով. այս մասնակցութեան առիթով կը կատարուի երեք կոչ՝ յիշողութեան, զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելու եւ պատասխանատուութեան, որպէսզի հետագային նման սարսափելի դէպքեր չկրկնուին: Այս մասին յայտարարեց Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ժան Ֆրանսուա Շարփանթիէ:
Դեսպանը աւելցուց, որ ներկայ դրութեամբ, Հայաստանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանատունը կ՛աշխատի Հոլանտի այցելութեան կազմակերպման ուղղութեամբ:
<<Ֆրանսուա Հոլանտ բաւական մեծ՝ մօտաւորապէս 120 հոգինոց պատուիրակութեամբ մը պիտի ժամանէ Երեւան: Ստոյգ կազմի մասին տակաւին տեղեկութիւններ չկան: Պարզապէս կրնամ աւելցնել, որ Ֆրանսայի հայ համայնքի ներկայացուցիչներ ներգրաւուած պիտի ըլլան այդ պատուիրակութեան կազմին մէջ>>, ըսաւ Շարփանթիէ:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ