Այնթապի մէջ ոգեկոչուեցաւ Հայկական ցեղասպանութեան 100ամեակը

By Asbarez | Monday, 23 March 2015

 

 

ՊՈԼԻՍ, <<Մարմարա>>.- Շաբաթ, Մարտ 21ին, Այնթապի մէջ կայացաւ Հայկական Ցեղասպանութեան ոգեկոչման հաւաք մը, որուն Ամերիկայէն կը մասնակցէր Պոսթընի <> թերթի նախկին խմբագիր եւ այժմ <<Ռաթկըրզ>> համալսարանի Հայոց Ցեղասպանութեան ծրագիրի վարիչ Խաչիկ Մուրատեանը: Հանդիսութիւնը կազմակերպուած էր Թուրքիոյ <<Կանաչներ>> ձախակողմեան կուսակցութեան կողմէ: Անոր կը մասնակցէին կուսակցութեան բանբեր Սեւիլ Թուրան, գրող Աթիլա Թոյկան եւ թարգմանիչ Մուրատ Ուչաներ:


Խաչիկ Մուրատեան իր ելոյթին ընթացքին ըսած է հետեւեալը. <<Ձեզի պատմութիւն մը կ՛ուզեմ պատմել: Սիֆորա հայ կին մըն էր, որ Այնթապի մէջ մինչեւ 1922 թուական աշխատեցաւ որպէս մանկաբարձ: Ան յուշատետր մը կը պահէր ու հոն կ՛արձանագրէր բոլոր այն ծննդաբերութիւնները, զորս իրագործած էր 1890էն ի վեր: Այս երկար ժամանակամիջոցին ընթացքին, ան օգնած է 4274 նորածիններու ծնունդին: Ասիկա շատ մեծ թիւ մըն է: Սիֆորա ունէր Նուրիձա անունով քոյր մը, որ նմանապէս մանկաբարձ էր եւ նմանապէս յուշատետր մը կը բռնէր: Երկու քոյրերուն յուշատետրերը ցոյց կու տային, որ անոնց աշխարհ բերած նորածինները մեծ մասամբ հայ էին: Բայց 1915էն ետք, յուշատետրերուն մէջ այլեւս հայերու անուն չկար: Պատճառը դուք ալ գիտէք: 1915էն ետք, անոնք մահմետական ընտանիքներու ծննդաբերութիւններուն օգնեցին: 1922 թուականին, Սիֆորա վերջ տուաւ իր ասպարէզին, նաեւ՝ յուշատետրին: Յուշատետրին մէջ գրեց հետաքրքրական վերջին նախադասութիւն մը. <<Անթէպտէ իշիմիզ պիթթի>> (Այնթապի մէջ մեր գործը վերջացաւ): Նուրիձան ալ իր յուշատետրին մէջ գրեց, որ 29 Նոյեմբերին, խումբ մը որբեր իրենց հետ առնելով՝ շոգեկառք մը նստան ու Հալէպ անցան: Երկու քոյրերը Հալէպի մէջ ալ շարունակեցին իրենց գործունէութիւնը:

Անոնց թոռները, որոնք այսօր ողջ են, երկու յուշատետրերը յանձնեցին ինծի: Այս երկու յուշատետրերը մէկական խորհրդանշաններ են, որոնք պէտք է ճանչցուին Հալէպի այժմու ժողովուրդին կողմէ: Հիմա երբ ձեզի կը նայիմ, անկարելի է որ չմտածեմ, թէ ձեր մէջ կան Սիֆորայի ու Նուրիձայի կողմէ հարիւր տարի առաջ աշխարհ բերուածներու թոռները: Չմոռնանք այս թիւը: Միայն Սիֆորա 4274 երեխայ աշխարհ բերած էր:

 

Անոնք գացին, բայց իրենց յուշատետրերը հոս ձգեցին: Սիֆորայի եւ Նուրիձայի նման հազարաւորներ Այնթապը ձգեցին՝ անգամ մըն ալ վերադառնալ չկարենալով: Անոնք ապրեցան իրենց ծննդավայրի կարօտով: Անոնցմէ քիչերը միայն դարձեալ Այնթապ այցելելու կարելիութիւնը ունեցան: Այցելողներէն մէկն էր ամերիկեան բանակին մէջ սպայ դարձած Ճորճ Հայկը, որ Այնթապի մէջ, երբ իր նախկին տան դուռը զարկաւ, կարծեց, որ անիկա պիտի բացուի իր եղբայրներէն կամ քոյրերէն մէկուն կողմէ, մինչդեռ բացուեցաւ 12 տարեկան թուրք մանուկի մը կողմէ: Այն ատեն հասկցաւ, որ ինք այլեւս օտարական մըն էր: Հազարաւորներ այսպէս մահացան կամ մեկնեցան Այնթապէն. անոնք գացին, բայց իրենց յիշատակները հոս թողուցին: Հիմա, հարիւր տարի ետք, ժամանակն է որ ոգեկոչուին անոնց յիշատակները: Հիմա ժամանակը եկած է, որ այլեւս փոխենք Սիֆորայի կողմէ իր տետրակին մէջ գրուած վերջին նախադասութեան երեք բառերը ու ըսենք. <<Այնթապի մէջ մեր գործը հիմա՛ կը սկսի>>>>:

 


comments

Advertisement