Հալէպի մէջ ինկած են բազմաթիւ հրթիռներ. Զոհուած է Վարդան Մոմճեան

By Asbarez | Monday, 23 March 2015

ՀԱԼԷՊ, <<Գանձասար>> - Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2015ին, Հալէպի զանազան շրջաններու մէջ ինկած հրթիռներու պատճառով զոհուած է հալէպահայ Վարդան Մոմճեանը:

Սուրիական <<ՍԱՆԱ>> գործակալութեան տեղեկացմամբ, Հալէպի գիւղական շրջաններու մէջ իրականացուող գործողութիւններու ժամանակ Սուրիական բանակի զինուորներու հետ բախումներու ժամանակ վիրաւորուած եւ զոհուած են մեծ թիւով ահաբեկիչներ:

Ռազմական աղբիւրները <<ՍԱՆԱ>>ին յայտնած են, որ բանակի իրականացուցած գործողութեան ընթացքին, ոչնչացուած են ահաբեկչական խումբի անդամներ, զինուորական սարքեր, զէնք ու զինամթերք: Դէպքերը կատարուած են Զարպա աւանի մէջ, որ կը գտնուի Հալէպի հարաւային շրջանի մէջ` 20 քմ հեռաւորութեան վրայ:

 


comments