By Asbarez | Tuesday, 24 March 2015
Հինգշաբթի, Մարտ 19ի երեկոյեան, Պուէնոս Այրեսի Մեթրոփոլիթանօ տաճարին մէջ, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան Ս. պատարագ մատուցեց կարդինալ Մարիօ Փօլի արք. Պուէնոս Այրեսի եւ առաջնորդ Արժանթինի, յարգելով յիշատակը Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Հոծ բազմութիւն մը լեցուցած էր ընդարձակ տաճարը: Հրաւիրուած էին Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Ալեքսանտր Յարութիւնեանը եւ հիւպատոս Էսթեր Մկրտումեանը, տեղացի եւ օտար պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, տարբեր կազմակերպութիւններու եւ այլ գաղութներու ներկայացուցիչներ, պատուոյ հիւրեր եւ կղերականներ:
Հաւատացեալները հետեւեցան կարդինալ Փօլիի մատուցուած Ս. պատարագին եւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Երգեցողութիւնը կատարեց <<Կոմիտաս>> երգչախումբը, Մաքրուհի Էօլմէսէքեանի խմբավարութեամբ: Եկեղեցական այս արարողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ Էքզարքվարդան արք. Պօղոսեան եւ առաջնորդ Փաւլօ եպս. Հեքիմեան եւ ուրիշ եկեղեցականներ Հայ առաքելական եւ կաթողիկէ եկեղեցիներէն:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ