Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծ՝ Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ

By Asbarez | Tuesday, 24 March 2015

 

ԵՐԵՒԱՆ.- <<Արմէնփրէսը>>, վկայակոչելով թրքական <<Հիւրրիյէթ>> երթը՝ կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի Հանրապետութեան քաղաքական կուսակցութիւնները Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծ մը մշակած են:


Կիպրոսի խորհրդարանին մէջ ներկայացուած բոլոր քաղաքական կուսակցութիւններուն կողմէ մշակուած միացեալ օրինագիծը պատիժներ կը նախատեսէ Ցեղասպանութիւնը, պատերազմական յանցագործութիւնները եւ մարդկութեան դէմ կատարուած յանցագործութիւնները չճանչցողներուն համար:

Հաղորդման մէջ նշուած է, որ առաջարկուած է օրինագիծը ընդունիլ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակին առիթով:

Նշենք, որ Կիպրոսի Հանրապետութիւնը արդէն իսկ ճանչցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը: Կ՛ակնկալուի, որ Կիպրոսի խորհրդարանը օրինագիծը օրակարգի վրայ դնէ այս շաբթուան ընթացքին:

 


comments