Կիպրոսի նախագահը Ապրիլ 24ին Երեւան պիտի ըլլայ

By Asbarez | Tuesday, 24 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ - Հայաստանի հանրային ձայնասփիւռի կայանը Մարտ 24ին հաղորդեց, որ Կիպրոսի նախագահ Նիքոս Անասթասիատիս Ապրիլ 23-25ին Հայաստան պիտի այցելէ, Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի միջոցառումներուն մասնակցելու համար։

Կիպրոսի խորհրդարանի անդամ Վարդգէս Մահտէսեանի համաձայն՝ Կիպրոսի նախագահը ընդունած է Հայաստանի նախագահի պաշտօնական հրաւէրը եւ Երեւան գտնուելով ու <<Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեակի ոգեկոչման արարողութիւններուն մասնակցելով՝ Կիպրոսի կառավարութեան զօրակցութիւնը պիտի յայտնէ հայ ժողովուրդին>>։

 

comments