Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ՝ յարձակում Եմէնի վրայ

By Asbarez | Thursday, 26 March 2015

 

ՍԱՆԱԱ, <<Ռոյթըրզ>> - Հինգշաբթի, Մարտ 26ին, Սէուտական Արաբիոյ գլխաւորութեամբ, օդային յարձակում մը սկսաւ Եմէնի նախագահը իշխանութենէն հեռացուցած շիի հուսիներու դիրքերուն դէմ եւ յայտարարուեցաւ, թէ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի անդամները եւ արաբական այլ երկիրներ կը մասնակցին ռազմական այս գործողութեան:


Մինչ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս իր աջակցութիւնը յայտնեց Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ օդային հարուածներուն, Իրան ա զդարարեց, թէ <<Եմէնի դէմ պատերազմի ծուխը պիտի հասնի Սէուտական Արաբիա>>։

 


comments

Advertisement