Ռաֆֆի Գրիգորեան պիտի ստանձնէ «Ուպր»ի ապագայ ծրագիրներու ղեկը

By Asbarez | Thursday, 26 March 2015

 

 

ՍԱՆ ՖՐԱՆՍԻՍՔՕ, <<Թեք ՔրանԹ>>.- Փոխադրական սպասարկութեանց «Ուպր» ընկերութիւնը որոշած է իր Յառաջացեալ արհեստագիտութեանց կեդրոնի ղեկը յանձնել Ռաֆֆի Գրիգորեանին, որ <<Թուիթըր>> ընկերութենէն հեռացած էր 2014ին։ Ան <<Թուիթըր>>ի փոխտնօրէնն էր։

Ռաֆֆի Գրիգորեանի պատասխանատուութեանց ներքեւ պիտի ըլլան արդի արհեստագիտութեանց՝ ներառեալ մարդամեքենաներու եւ ինքնավար ինքնաշարժներու, ի նպաստ ընկերութեան օգտագործման կարելիութեանց քննարկումը։

 

comments

Advertisement