By Asbarez | Wednesday, 25 March 2015
ԴԱՄԱՍԿՈՍ, <<Ա.Էֆ.Փէ.>> - Իրաքի արտաքին գործոց նախարար Իպրահիմ Ճաաֆարի Մարտ 24ին այցելեց Դամասկոս, ուր հանդիպում ունեցաւ սուրիացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու, ներառեալ՝ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի հետ: Ան իր հանդիպումներուն ընթացքին քննարկեց ահաբեկչութեան թղթածրարը եւ շարք մը այլ հարցեր՝ նշելով, որ ամբողջ աշխարհին փոխարէն՝ Սուրիա եւ Իրաք կը կռուին ահաբեկչական <<Իսլամական պետութիւն>> կազմակերպութեան դէմ: Ան յայտնեց, որ Իրաքի ապահովութիւնը կը բխի Սուրիոյ ապահովութենէն, եւ որ երկու երկիրներուն դիմագրաւած հասարակաց վտանգները երկու երկիրներուն միջեւ աւելի բարձր համակարգում կը պահանջեն:
Ճաաֆարի Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուալիտ Մուալլեմի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնեց Սուրիոյ՝ Իրաքի կողքին կանգնելուն համար, եւ նշեց. <<Երբե՛ք պիտի չմոռնանք, թէ Սուրիան ինչպէս կանգնեցաւ Իրաքի կողքին>>: Ան ըսաւ, որ ցամաքային ուժերու օժանդակութեան կարիք չկայ, որովհետեւ իրաքեան բանակը իր պարտականութիւնը կը կատարէ, սակայն արաբական երկիրները կրնան օդուժի օժանդակութիւն տրամադրել՝ աւելցնելով. <<Դրացի երկիրները պէտք է Սուրիոյ եւ Իրաքի կողքին կանգնին, որպէսզի ահաբեկչութիւնը իրենց չհասնի>>:
Մուալլեմ, իր կարգին նշեց, որ Սուրիա եւ Իրաք հասարակաց ճակատագիր ունին, եւ երբ Սուրիան լաւ վիճակի մէջ ըլլայ, Իրաքն ալ լաւ կ՛ըլլայ:
Խօսելով Եգիպտոսի մասին՝ Մուալլեմ յոյս յայտնեց, որ այդ երկիրը շուտով դուրս գայ իր ճգնաժամէն եւ աւելցուց. <<Մինչեւ հիմա Սուրիոյ նկատմամբ Եգիպտոսի կեցուածքին մէջ փոփոխութիւն չնշմարեցինք>>։
Փորձագէտներ, անդրադառնալով Արաբական լիկայի Շարմ Շէյխի վեհաժողովի նախօրեակին Ճաաֆարիի Սուրիա այցելութեան՝ կը յայտնեն, որ իրաքեան կողմը թերեւս ժողովին փոխանցէ սուրիական կողմի տեսակէտը, մասնաւորաբար՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցին վերաբերեալ:
Աւելի ուշ հաղորդուեցաւ, որ Ասատ Ճաաֆարիի հետ հանդիպման ընթացքին յայտնած է, որ սուրիական եւ իրաքեան բանակներուն արձանագրած յաջողութիւնները նպաստած են ահաբեկչութեան յառաջխաղացքը կասեցնելու, իսկ Ճաաֆարի յայտնած է, որ Իրաք նախանձախնդիր է սուրիացի ժողովուրդի կողքին կանգնելու:
comments
ԵԽԽՎի Համազեկուցողները Կոչ Ըրին Պաքուին՝ Հայաստանէն Դուրս Բերելու Զօրքերը Եւ Ազատ Արձակելու Գերիները
Խրիմի Կամուրջի Պայթումին Գործով Ձերբակալուած Են 5 Մեղադրեալներ, Որոնցմէ Երեքը Հայ Են
Իրան Դարձեալ Յիշեցուց Ալիեւին, Թէ Պատմական Սահմաններու Փոփոխութիւնը Անընդունելի Է
Ալիեւ Հայաստանը Կը Զգուշացնէ Սադրանքներու Դիմելէ
Պրիւքսէլ Ուշադիր Կը Հետեւի Հայ-Ատրպէյճանական Սահմանագօտիի Կացութեան
Ատրպէյճան Կը Ծրագրէ Բերձորի Եկեղեցին Մզկիթի Վերածել
Անգարա Դատապարտեց ՄԱԿի Ընդհանուր Ժողովի Նախագահին Ծիծեռնակաբերդ Այցելութիւնը
Սուրիա Պիտի Դիմադրէ Իր Հողերուն Վրայ Որեւէ Թրքական Գործողութեան. Ասատ