Թրքական Ուժեր Դարձեալ Իրաք Կը Խուժեն

By Asbarez | Tuesday, 25 October 2011

 

ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թրքական զինուորական աղբիւրներ հաղորդեցին, թէ Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 25ին, թրքական ռազմական օդանաւեր անգամ մը եւս ռմբակոծած են հիւսիսային Իրաքի մէջ գտնուող Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերը, մինչ մօտաւորապէս հազար թուրք զինուորներ, անգամ մը եւս սահմանը խախտելով՝ Իրաք ներխուժած են՝ յառաջանալով մինչեւ 12 մղոն:

Յատկանշական է, որ Երկուշաբթի օր թրքական զինուորական աղբիւրներ հաղորդած էին, թէ հիւսիսային Իրաքէն ներս անցեալ շաբաթ սկսած իրենց նորագոյն գործողութիւնը աւարտած է:

Ըստ թրքական աղբիւրներու, այս տարուան Օգոստոս 17էն ի վեր, հիւսիսային Իրաքի  Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան դիրքերուն վրայ թրքական յարձակումներուն հետեւանքով սպաննուած են 250էն 270 քիւրտ ապստամբներ, սակայն քրտական աղբիւրները այդ թիւը չափազանցուած կը համարեն:

comments

Advertisement