Աշոտ Դանիէլեան՝ աշխարհի ախոյեան

By Asbarez | Friday, 27 March 2015

 

 

ԵՐԵՒԱՆ, <<Արմէնփրէս>> - 27 Մարտին Մոսկուայի մէջ ընթացք առաւ սամպոյի աշխարհի բաժակի խաղարկութիւնը՝ <<Խառլամպիեւի յուշամրցաշարը>>, որուն այս տարի կը մասնակցին 35 երկիրներէ շուրջ 300 մարզիկները:

Հայաստանի սամպոյի դաշնակ-ցութենէն յայտնած են, որ այս հեղինակաւոր մրցաշարքին Հայաստան կը մասնակցի իր լաւագոյն մարզիկներով: Մրցումներու առաջին օրն իսկ Հայաստանի ամէնէն հեղինակաւոր մարզիկը՝ Աշոտ Դանիէլեանը, գերազանցօրէն հանդէս եկաւ իր մրցումին եւ 90 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ դարձաւ յաղթող ու նուաճեց աշխարհի բաժակը:

Մետալ մըն ալ ստացած է Վահէ Օթարեանը՝ 52 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգին մէջ գրաւելով երրորդ դիրքը։

 

comments