Արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ համաձայնութիւն

By Asbarez | Monday, 30 March 2015

 

 

ՇԱՐՄ ՇԷՅԽ, <<Ռոյթըրզ>> - Մարտ 29ին վերջ գտաւ Արաբական 26րդ վեհաժողովը, որ հաստատեց Եմէնի մէջ արաբական երկիրներու զինուորական գործողութեան շարունակութիւնը, համաձայնութիւն գոյացուց արաբական միացեալ ուժի ստեղծման շուրջ, ինչպէս նաեւ հուսի զինեալներուն կոչ ուղղեց՝ իշխանութեան տիրելու ջանքերը դադրեցնելով իրենց զէնքերը յանձնելու:


Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի, վեհաժողովի աւարտին ըսաւ, որ արաբներուն դիմագրաւած մարտահրաւէրները հրամայական կը դարձնեն զանոնք դիմակայելու համար <<վճռական միջոցառումներու որդեգրումը, մասնաւորաբար՝ Եմէնի զարգացումներուն լոյսին տակ>>: Ան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց արաբներուն օժանդակելու՝ ընդդէմ ահաբեկչութեան։ Արապի շեշտեց Միջին Արեւելքը հիւլէական զէնքերէ, ներառեալ՝ Իսրայէլի ունեցած հիւլէական զէնքերէն, ձերբազատելու կարեւորութիւնը եւ նշեց, որ պաղեստինեան դատը իւրաքանչիւր արաբի դատն է:

Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսի իր կարգին յայտարարեց, որ արաբ ղեկավարները որոշած են մարտահրաւէրներու դիմագրաւման համար արաբական միացեալ ուժերու ստեղծման սկզբունքը որդեգրել՝ աւելցնելով, որ արաբական երկիրներու բանակներու սպայակոյտերուն պետերը հանդիպում պիտի ունենան‘ քննարկելու համար մանրամասնութիւնները: Եգիպտոսի նախագահը յայտնեց նաեւ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին վեհաժողովին յղած է նամակ մը, որուն մէջ նշած է. <<Անկարելի է ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ՝ առանց շրջանային յարաբերութեանց բնականոնացման ու Սուրիոյ, Եմէնի եւ Լիպիոյ տագնապներու լուծման>>, աւելցնելով, որ պատրաստ է Արաբական լիկային հետ իր յարաբերութիւնները ամրապնդելու:

Սակայն Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Սէուտ Ֆայսալ իշխանը քննադատեց Փութինի նամակը եւ ըսաւ, որ Ռուսիան <<Սուրիոյ մէջ իր միջամտութեան միջոցով, շրջանին մէջ խնդիրներու բարդացման կը նպաստէ>>: <<Ռուսերը սուրիացի ժողովուրդին ապրած տառապանքին մէջ հիմնական դեր ունին>>, ըսաւ ան:

Պահրէյնի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Խալետ պըն Ահմետ Ալ Խալիֆա յայտնեց, որ արաբական երկիրները կ՛ակնկալեն, թէ Եմէնի մէջ օրինականութեան վերականգնման համար ստեղծուած դաշինքը նաեւ արաբական այլ շրջաններով կը զբաղի:

Նաեւ, շաբաթավերջին գումարուած վեհաժողովը 500 միլիոն տոլարի անմիջական օժանդակութիւն յատկացնել խոստացաւ Լիբանանին։ Մինչ այդ, շաբաթավերջին անուղղակի բանավէճ մը ծագեցաւ Սէուտական Արաբիոյ եւ Լիբանանի մէջ անոր հակադրուող կողմերէն՝ <<Հըզպալլա>>ի միջեւ, երբ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանը քննադատեց <<Հըզպալլա>>ի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի պատկերասփռուած ելոյթին ընթացքին հնչած կեցուածքները:

Միւս կողմէ, կարգ մը դէտեր անհաւանական նկատեցին արաբական միացեալ ուժերու առաքելութեան յաջողութիւնը Եմէնի մէջ՝ տրուած ըլլալով, որ հակադիր կողմերը խառն ու յաճախ մօտակայ դիրքերու վրայ կը գտնուին, ինչ որ կրնայ մեծապէս շփոթի մատնել արաբական ուժերը:

 


comments

Advertisement